image

«Յիշեցէք, որ Աստուած ձեր սրտին կը նայի». Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեան (Լուսանկար)

«Յիշեցէք, որ Աստուած ձեր սրտին կը նայի». Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեան (Լուսանկար)

 Օրերս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեան, այցելելով Սէնթ Լուիզի եւ Պէլվիլ քաղաքի հայ համայնքի տարեցներուն, իր զգացումները արտայայտած է անդրադառնալով ներկայութեան ուժին: Սրբազան Հայրը քաջալերեց որ ըլլանք ներկայ կարեկցելով, հոգալով եւ Աստուծոյ սէրը բաժնեկցելով ուրիշներուն հետ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք սրբազան հօր գրառումը:

                                          «Արեւելք»

 

 Պարզապէս ներկայ ըլլալ մէկու մը կողքին, յատուկ աստվածային պարգեւ մըն է: Մենք այսօր կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ յաճախ  յաջողութիւնը կը գնահատէ մեր կատարած եւ գլուխ հանած գործերը արժեւորելով, ուր կրնանք հասնիլ, եւ որքան արագ կրնանք բարձրանալ: Բայց Աստուած տարբեր ձեւեր ունի մեր կեանքերը արժեւորելու: Ան կը նայի մեր սրտին եւ կը գնահատէ այն ժամանակը, որ մենք կը տրամադրենք ուրիշներուն հետ ըլլալու: 

Երեկ սկսայ իմ հովուական այցս ԱՄՆ-ու Սէնթ Լուիզի եւ Պէլվիլ քաղաքի հայ համայնքին: Տ. Ոսկանի ընկերակցութեամբ, մենք այցելեցինք մեր թանկագին ծխականներէն մի քանին, օժանդակ մարմնի կեդրոններուն մէջ: Երբ անոնց հետ էի, նկատեցի որ իմ արտասանած խօսքերս կամ մեր կատարած աղօթքները չէին միայն, թէեւ անոնք կարեւոր էին, այլ հոն ներկայ գտնուելու, եւ իրենց հետ ըլլալու պարզ արարքն էր կարեւորը:

Հովուական աստվածաբանական սեմինարի  դասախօսս  կ’ըսէր. «Ամենազդեցիկ բանը, որ կրնաք ընել, տղաք, ներկայ եղէք: Դուք բոլոր պատասխանները կրնաք չունենալ, կարելի՝ չկրնաք լուծել անոնց բոլոր հարցերը։ Բայց պարզապէս երբ ներկայ կը գտնուիք, իրենց կողքին կ’ըլլաք եւ ցոյց կու տաք, թէ դուք կը հոգաք, կրնայ ամենամեծ օրհնութիւնը ըլլալ մէկու մը կեանքին մէջ»: Արդեօ՞ք այդպէս չէ: Մեր ներկայութիւնը, պարզապէս *այնտեղ* ըլլալով մեր պատրաստակամութեամբ մեծ տարբերութիւն կրնայ բերել: Աստուած կրնայ մեր միջոցով՝ լոյս բերել մէկու մը, իր խաւար օրուան մէջ, մխիթարել զինք ցաւի մէջ, եւ Իր սէրը ցոյց տալ:

Այսպիսով, ես կ’ուզեմ քաջալերել ձեզ այսօր. Եղէք ներկայ: Ժամանակ տրամադրեցէք այցելելու այն ընկերոջ, որ ձեր մտքին մէջ է: Հեռաձայնեցէք ընտանիքի այն անդամին, որ միայնակ կը զգայ: Ժամանակ անցուցէք մէկու մը հետ, որ սիրոյ եւ հոգածութեան պէտք ունի: Բարդ բան մը չէ: Պարզապէս եղէք ներկայ:

Յիշեցէք, որ Աստուած ձեր սրտին կը նայի: Ան գիտէ, ձեր ունեցած յորդառատ սիրոյն մասին, եւ պիտի օրհնէ ձեզ: Աստվածաշունչը Առակաց 11։25-ին մէջ կ’ըսէ. «Բարերար անձը պիտի գիրնայ եւ ան որ կ’ոռոգէ՝ ինքն ալ պիտի ոռոգուի»: երբ ժամանակ կը յատկացնէք անոնց կողքին ըլլալու, ոռոգելու, Աստուած ալ ձեր կեանքերը պիտի ոռոգէ առատապէս: