image

Յիշե՛նք Խրիմեան Հայրիկը ու Զօր. Անդրանիկը. Երկընտրանքներէն եւ օտարամոլութիւններէն հրաժարելու՛ ժամը

Յիշե՛նք Խրիմեան Հայրիկը ու Զօր. Անդրանիկը. Երկընտրանքներէն եւ օտարամոլութիւններէն հրաժարելու՛ ժամը

Զարմանալի է, ինչո՞ւ կը մոռցուի պատմական Պեռլինի վեհաժողովը, երբ Խրիմեան Հայրիկ անկէ դուրս եկաւ «թուղթէ եւ երկաթէ շերեփ»ներու վկայակոչումով, իսկ առ այդ, Զօրավար Անդրանիկ, իր ԽԻԶԱԽ կեցուածքով արդէն հանդէս եկած է, երբ երկուքն ալ օտարներու վրայ (եւրոպական թէ թուրանական) երբեք յոյս չդնելու… պայմանով, քանի ոչ իմաստ ու շահ կան հոն, այլ՝ մահացու ԱՒԱՐՏ մը, ուշ կամ կանուխ, պատահելու հաւանականութեամբ։

Իսկ այսօրուան պատկերը, վաղուան գուշակումներով, արդեօք վախ ու սարսափ չի՞ պատճառեր, որ Հայաստանը կրնայ մատնուիլ անորոշութիւններու, գայթակղութիւններու եւ ուղղութիւններու բարդ եւ անլոյծ հանգոյցներու։

 

Այն փորձանաւոր ակնկալութիւնը, զգուշաւոր լաւատեսութիւնը ու զգաստաւոր կամաւորութիւնը կար, որ 2025ը կրնար հայ ժողովուրդին տալ նոր լիցք, յուսադրող մղում եւ ապահով մեկնարկ, իր կեանքը բարելաւելու, մարտահրաւէրները դիմագրաւելու, դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ, ընդհանրապէս, լաւագոյն եւ յարմարագոյն ուղիներով ընթանալու, դէպի այն ափերը, որոնք իր գոյութեան եւ յարատեւման կրնան նպաստել ու հիմնաւորել։

Ո՞վ չի գիտեր, թէ հայութիւնը, իր հայաստանեան ու սփիւռքեան թեւերով, ի՞նչպիսի բովերէն անցաւ (ու կ’անցնի), ինչո՞ւ կը յամենայ հոն եւ ո՞ւր կը տապլտկի իր որոգայթներուն մէջ։

Անշուշտ, այդ բոլորը, իրենց սայթաքումներով եւ անկումներով, վերիվայրումներով ու գահավիժումներով, նորութիւն չեն եղած իր պատմութեան մէջ, սակայն, շնորհիւ իր վճռակամութեան, իրատեսութեան, անտեղիտալիութեան, անյուսահատութեան ու կառչածութեան, իր ուժերուն ներած չափով, կրցած է դիմանալ, կանգուն մնալ ու պատնէշուիլ, հաւատալով որ ժամանակները կը փոխուին եւ ինք կը շարունակէ իր երթը, անվհատօրէն եւ անյուսահատօրէն։

Այդուհանդերձ, ձախողութիւնները, աղէտները, պատուհասները, միշտ ալ անպակաս եղած են, զինք հալածելու ու հետապնդելու, ճնշելու ու ճզմելու, մեկուսացնելու եւ անկիւնաւորելու, ամէն անգամ որ առիթը ստեղծուած է եւ ատիկա ծառայեցնելու նախայարձակներու քստմնելի նպատակներուն ու զազրելի ծրագիրներուն։

Թէեւ իր դիմադրականութիւնն ու տոկունութիւնը զինք պահած են աներեր եւ անյողդողդ, սակայն, պատահած են պայմաններ ու պարագաներ, ուր ան արձանագրած է նահանջներ եւ ընկրկումներ, որոնք, այսպէս թէ այնպէս, ազդած են իր գոյութենականութեան եւ յառաջդիմութեան վրայ։

Արդեօք միա՞յն Հայոց Ցեղասպանութիւնն էր, որ իր նախօրեակի ու վաղորդայնի կացութաձեւերով, հայութիւնը տարտղնեց, տարագրեց, տեղահանեց, վայրավոխեց, զայն դարձնելով ցիրուցան հաւաքականութիւն, պանդխտային, գաղթականութեան, օտարականութեան ու տարաշխարհիկութեան տուեալներով, սովորոյթներով եւ ընթացակարգերով։

Հայ ժողովուրդին համար «սեւ»երով պատուած նմոյշներ եւ օրինակներ հանդիացան այս եղելույթները, որոնք միշտ ալ մնացին անոր «ընկերակցող ախտերը», առանց զանոնք որդեգրելու, բայց, առանց ալ ձերբազատուելու անոնց ցեցերէն, որոնք, միշտ ալ մնացին այն մեխերը, որոնք խրուած էին իր կողին մէջ, առանց զինք սպաննելու, բայց, անպայմանօրէն, խոցոտելով ու վիրաւորելով անոր հոգե-ֆիզիքականութիւնը։

***

Հեռու պահելով մեզ, այս հանգրուանին, այդ մութ ու մռայլ արահետներուն մէջ դեգերելու փորձութենէն, անհրաժեշտ կը նկատենք շեշտելու, այլեւ յիշեցնելու, թէ հայութիւնը ինչո՞ւ միշտ «գերին» մնաց նման մակընթացութիւններու, տեղատուութիւններու եւ յամրաընթացութիւններու գարշապարերուն։

Մեր ամբողջ պատմութիւնը, իր սքանչելի նուիրագործումներով, պաշտելի մշակոյթներով, սրբատառ նուաճումներով, բացառիկ յղացումներով եւ իւրայատուկ ներդրումներով, բաւարար չէի՞ն, որ ան դառնար միաձոյլ հաւաքականութեան մը անգին կրողը, վերածուէր մնայուն բարձրագոյն վէմի մը ու թառէր այդ հորիզոնականներուն վրայ։

Բայց, հայութիւնը կրնա՞ր մնալ իր ինքնութենէն եւ արմատներէն «պոկուած կաղնի» մը, երբ ինք չէր կրնար շեղիլ այն ուղիներէն, որոնք զինք շնորհած եւ օրհնած էին, հաւատարիմ մնալու իր ազգային կառոյցներուն ու հիմքերուն կառչածութեան, անսասանութեան եւ ամրակուռութեան։

Ասոնք ըլլալով հանդերձ բացարձակ ճշմարտութիւններ եւ անժխտելի իրականութիւններ, կը մնար զանոնք պահել ու գուրգուրալ անոնց վրայ, որովհետեւ հայութիւնը, փաստօրէ՛ն, չունէր այլ ընտրանք, բացի դառնալու գերիշխողը, գերկրողը ու գերպաշտողը այն բոլոր հրամայականներուն, որոնք զինք կը ներշնչեն, կ’ոգեկոչեն ու կ’արժեւորեն, իր համայնական եւ ազգայնական յատկանիշներով եւ երանգներով։

Հայութիւնը, յետ եղեռնեան եւ, զուգահեռաբար, Հայաստանի Ա. անկախութեան շրջաններէն ետք, ի՞նչ ճակատագիրներով եւ ընթացքներով, փորձեց իր կեանքի երթուղին պահել կենսունակ, բայց, խիստ անփառունակ, աննպաստ եւ անմխիթարական պայմաններով, ուր տարագրեալները ապրեցան աննկարագրելի գոյավիճակներով, իսկ Արեւելահայութիւնը բոլորովին այլ, մինչեւ որ առաջին կողմը, իր կայքը սկսաւ «կենդանացնել», սփիւռքացած երդիքներով, իսկ երկրորդ կողմը, ինքզինք անվտանգուած զգաց, Խորհրդային Միութեան բազմանդամ ընտանիքներուն մաս կազմելով։

Հոս կը վերջանա՞ն, թէ՞ կը լուծուին հայութեան տագնապները եւ օրհասութիւնները, բնական է, ո՛չ մէկը, ո՛չ ալ միւսը, որովհետեւ, ան ուր որ բնակեցաւ ու հաստատուեցաւ, միշտ ալ ՊԱՆԴԽՏԱԿԱՆ ու ԳԱՂԹԱԿԱՆԱԿԱՆ հոգեբանութիւնը իր մէջ ՎԱՌ մնաց, այսինքն, միշտ այլ հորիզոններ եւ երկնակամարներ փնտռելու, որուն համար, միշտ պատրաստ էր՝

ՃԱՄՊՐՈՒԿՆԵՐԸ եւ ԱՆԹԱՑՈՒՊԵՐԸ

շալկելու կամ չուելու, դեգերելու կամ թափառելու այլուր, այլ խօսքով՝ եթէ ատիկա ըլլար նոյնիսկ «դժոխք» (իր հասկացողութեամբ ու հաւատալիութեամբ… «դրախտ»ը)։

***

Այստեղ, առանց փակագիծերը փակելու կամ վերցնելու, կայ հսկայ ՓԱԹԵԹ մը, որուն կողքէն կարելի չէ անցնիլ անտարբերութեամբ, ոչ ալ՝ անտեսութեամբ, անշուշտ, այս պարագային, խօսքը կը վերաբերի Հայաստանին, իսկ ատիկա կը բնորոշուի ու կ’արտայայտուի հետեւեալ բանաձեւումով.

ԺԱՄԱՆԱԿԸ ՉԷ՞, ՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ, ԻՐ ԱՉՔՆ ՈՒ ՈՒՆԿԸ ՀԵՌՈՒ ՊԱՀԷ ՕՏԱՐԱՄՈՒՏՆԵՐԷՆ ՈՒ ԽՌՊՈՏՆԵՐԷՆ, ՈՐՈՆՔ ԶԻՆՔ ՉԵՆ ՊԱՇՏՊԱՆԵՐ, ՉԵՆ ԶՕՐԱԿՑԻՐ ԻՐ ԱՐԵՒԵԼՈՒՄՆԵՐՈՒՆ, ՉԵՆ ԴԱՇՆԱԿՑԻՐ ԱՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, ԻՍԿ ԱՄԵՆԷՆ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐԸ, ՉԵՆ ՀԱՒԱՏԱՐ ԱՆՈՐ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ։

Եթէ կան որոշ դրական տրամադրութիւններ, անկեղծ յարաբերութիւններ, լուրջ գործակցութիւններ եւ ազնիւ պատրաստակամութիւններ, ատոնք ջախջախիչ մեծամասնութեամբ ցնորքներ եւ զառանցանքներ են, որոնք չունին ո՛չ հիմք, ո՛չ անմիջականութիւն, ո՛չ ալ հետեւողականութիւն, այլ լոկ, բոլորն ալ հիւսուած ու կաղապարուած են թոյլ ու ջրիկ, խախուտ ու բեկանելի ճիւղերով։

Շուրջ 33 տարուան անկախութիւնը, իր զանազան դրսեւորումներով, գործարքներով եւ ուղիներով, միթէ՞ չապացուցեց, որ դէպի հոս ու հոն թափառաշրջիլը, աջ ու ձախ յարիլը, արեւմուտք եւ արեւելք շեփորելը զուր եւ անիմաստ մանրուքներ են, աւելին՝ փտացնող ու բթացնող, խարխուլ եւ անհաստատ, անկայուն եւ անապահով անդունդներու առաջնորդող փորձաքարեր են։

Արդեօք բոլոր նման հովերով շլացողները, երազներով հարբեցողները, բարքերով կարճատեսները, պահ մը չմտածեցի՞ն, չվարանեցա՞ն, չսոսկացի՞ն, թէ այս վարքագիծերով, Հայաստանը կրնա՞յ փրկուիլ, թէ՞ կ’ընկղմի, կը սուրայ, թէ՞ կը խորոտակուի, կը վերականգնի, թէ, կը փլուզուի։

Եթէ գիտակցաբար ըրին (ու կ’ընեն), այն ատեն վա՜յ է եկեր, իսկ եթէ անգիտակցաբար կ’ընեն, հազա՜ր վայ, հայութեան ճակատագիրին եւ ապագային հաշուոյն։

Այնքան փայփայելի ու գուրգուրալի անկախութիւնը, ինչո՞ւ պիտի մատնուի որեւէ արկածախնդրութեան կամ բախտախնդրութան, զայն նետելով օտարին գիրկը, ենթարկուելով մասնատումներու, հուսկ՝ զան յեղաշրջելով ու գլորելով իր հեղինակութենէն ու վարկանիշէն։

Չէ՞ որ հայրենիքը, իր «յաւերժութեան երթ»ով պայմանաւորուած է եւ այդ սկզբունքով անոր կառչած կը մնայ հայութիւնը, զայն նկատելով այն մնայուն օրրանը, որ իր մէջ պիտի պարփակէ իր բոլոր զաւակները։

***

Վերջին շրջանին, ո՞վ անձկութեամբ ու մտահոգութեամբ չի հետեւիր, հայրենի խորհրդարանական մարզէն ներս տեղի ունեցող յաջորդական նողկալի զարգացումներուն, որոնք միայն այսօրուան տխրահռչակ պատկերը չեն, այլ՝ երկար ժամանակէ ի վեր, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն բախումներու՝ անժողովրդավարական եւ անհանդուրժողական ամբողջ ալիքով մը։

Դուրսէն դիտող մը, դիտորդ մը, ի՞նչպէս կրնայ համակերպիլ ու հաշտուիլ այն տեղաշարժերուն հետ, որոնք տեղի կ’ունենան, նախարարներու ու պատգամաւորներու շարունակուող հրաժարումներու ողբալի շարանով։

Կը նշանակէ թէ՝ «բան մը» կայ, որ նորմալ չէ այլեւս, ոչ ալ՝ ընդունելի, երբ գացող-հրաժարողը, ինչ-ինչ պատճառներով ալ ըլլայ, իր ետին կը ձգէ ԲԱՑ հարցադրումներ, մինչ անդին, անոնց տեղ կը պաշտօնակոչուի նոր մը, կարծես թէ ոչինչ պատահած է եւ եղածը «քմահաճ խաղաոճ» մըն է, հետեւաբար, բնական գործընթաց մը, ինչ որ երբեք չի կրնար բացատրելի ըլլալ, ո՛չ օրինականօրէն, ո՛չ կառավարականօրէն եւ ո՛չ ալ ժողովրդավարականօրէն։

Միւս կողմէ, այսօր բացայայտելի եւ արձանագրելի է, որ Հայաստանը ինքզինք կը մղէ ու կը տանի դէպի նոր հանգրուանի մը, երբ ամերիկեան-հայկական ռազմավարական համագործակցուեթան համաձայնագիր մը կը ստորագրէ (այլապէս ալ՝ ֆրանսական, եւրոպական եւ այլ կողմերու հետ նմանօրինակ դաշինքներ) առանց որ անոնք որդեգրուին պաշտօնական-օրէնսդրական բովերէն։

Դիտարկելի է, որ ցարդ որեւէ օտարոտի մերձեցումներէն օգտուեցա՞ւ Հայաստանը, բացի խօսքային ու ցուցամոլային «թուլակազմ» շարժերէն, նոր եւ աւելի բարդ ցանցերով մնալով… կախեալ իրավիճակներու մէջ, մութ եւ անշօշափելի ապագայի մը հեռանկարով։

Այլապէս ի՞նչով լուսաբանել եւ արդարացնել, իր ՀԱՊԿ-էն (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն), ԱՊՀ-էն (Անկախ պետութիւններու համագործակցութիւն) կամ եւրասիական միջկառավարական խորհուրդէն, իր սպառնալիքը կամ տատամսումը քաշելու, խուսափելու, հեռանալու եւ կամ անոնց հետ ԱԺԱՆ ու ԳՁՈՒՁ հաշիւներով շարժիլը կամ գործելը, ձգելով պատահականութեան ու թողլքութեան։

Եթէ ասոնք ինքնագլուխ ու միագլուխ վերաբերմուքներու անլուրջ խաղք մըն են, դուրսի ուժերով զօրանալու բարբաջանքներուն հաւատք ընծայելով, ո՞վ ըսաւ թէ ատոնք առողջ, մնայուն եւ յուսատու երաշխիքներ են։

***

Զարմանալի է, ինչո՞ւ կը մոռցուի պատմական Պեռլինի վեհաժողովը, երբ Խրիմեան Հայրիկ անկէ դուրս եկաւ «թուղթէ եւ երկաթէ շերեփ»ներու վկայակոչումով, իսկ առ այդ, Զօրավար Անդրանիկ, իր ԽԻԶԱԽ կեցուածքով արդէն հանդէս եկած է, երբ երկուքն ալ օտարներու վրայ (եւրոպական թէ թուրանական) երբեք յոյս չդնելու… պայմանով, քանի ոչ իմաստ ու շահ կան հոն, այլ՝ մահացու ԱՒԱՐՏ մը, ուշ կամ կանուխ, պատահելու հաւանականութեամբ։

Իսկ այսօրուան պատկերը, վաղուան գուշակումներով, արդեօք վախ ու սարսափ չի՞ պատճառեր, որ Հայաստանը կրնայ մատնուիլ անորոշութիւններու, գայթակղութիւններու եւ ուղղութիւններու բարդ եւ անլոյծ հանգոյցներու։

 

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

(Պէյրութ)