image

Յիշատակուեցան Էսաեան վարժարանի եւ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հիմնադիր բարերարներ Մկրտիչ եւ Յովհաննէս Էսաեան եղբայրները

Յիշատակուեցան Էսաեան վարժարանի եւ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հիմնադիր բարերարներ Մկրտիչ եւ Յովհաննէս Էսաեան եղբայրները

Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, օրերս, յընթացս Ս. Պատարագի, հանգստեան աղօթքով յիշատակուած են Էսաեան վարժարանի եւ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հիմնադիր բարերարներ Մկրտիչ եւ Յովհաննէս Էսաեան եղբայրները։ 

Թաքսիմի արարողութիւններէն ետք պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուած է Շիշլիի Հայոց Գերեզմանատուն, ուր կատարուած է հոգեհանգստեան պաշտօն Էսաեան հարազատներու շիրիմներուն մօտ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, 18 Յունուար 2026, Կիրակի առաւօտ արարողութեանց նախագահեց եւ Ս. Պատարագ մատոյց Պէյօղլուի Ս. եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Յընթացս Ս. Պատարագի, հանգստեան աղօթքով յիշատակուեցան Էսաեան վարժարանի եւ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հիմնադիր բարերարներ Մկրտիչ եւ Յովհաննէս Էսաեան եղբայրները։ Արարողութեանց ներկայ եղան Պէյօղլուի Ս. եկեղեցեաց երէց Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան, Էսաեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տենչա Չընար, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթէփէ, Սանուց Միութեան վարչութեան ատենապետ Մարիամ Տրամէրեան, ուսուցիչներ, աշակերտներ, ինչպէս նաեւ Թաղային Խորհուրդէն անդամներ։

Ս. Պատարագի բազմաձայն երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Շանթ Էսմէրի։ Իսկ, Ասողիկ Դպրաց Դասու անդամներ սպասարկեցին Ս. Սեղանին։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Հայր Սուրբը քարոզեց «ինչ որ ըսէ կատարեցէք» (Յովհ. 2.5) բնաբանով։ Հայր Սուրբը յայտնեց, որ երկար ժամանակ յետոյ մեծ ուրախութիւն էր Էսաեան եղբայրներու յիշատակութիւնը կատարել, իրենց իսկ կառուցած Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ։ Այս մէկը առիթ կը ստեղծէր, անցեալի մեծանուններուն յիշատակը շնչելու եւ հոգեկան ջերմ ապրումներով իրենց յիշատակին առջեւ խոնարհելու։ Անցեալի մեծանուններուն բարեսիրական կոչումը ուղղակիօրէն հրաշքի ներկայութիւնն էր մեր ժողովուրդին մէջ եւ այսօր իրենց գոյատեւումը եւս կը դառնայ ըլլալ հրաշքի ազդեցութիւնը։ Այս առթիւ Հայր Սուրբը շեշտեց, որ Էսաեան եղբայրները լսած էին Աստուածային կոչումը եւ հետեւելով ազգասիրական ուղիին կառուցած էին եկեղեցի եւ դպրոց։ Աւելցուց թէ ներկայիս եւս իւրաքանչիւր անհատ փոքր թէ մեծ հրաշքներ կատարելու զօրութեամբ օժտուած է երբ կը հետեւի Աստուածային կոչումին։

Ս. Պատարագի աւարտին կատարուած հոգեհանգստեան արարողութեամբ կատարուեցաւ յիշատակութիւն։ Յետոյ կատարուեցաւ Ս. Ծննդեան ջրօրհնէքի արարողութիւնը։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ վերջին օրհնութեամբ։

Հոգեւոր արարողութեանց աւարտին բոլոր ներկաներ համախմբուեցան Էսաեան վարժարանի սեղանատան մէջ, ուր սարքուեցաւ հոգեճաշ։ Այստեղ բարի գալստեան խօսք արտասանեց Լենա Ենիեորկան եւ ուրախութեամբ անդրադարձաւ այս տարուան յիշատակութեան, քանի որ երկար ժամանակ յետոյ Էսաեան հարազատներու յիշատակութեան առթիւ ներկաներ հոգեճաշի սեղանին շուրջ կը համախմբուէին Էսաեան վարժարանի մէջ։ Այս առթիւ բոլորին շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ներկայութեան համար։ Հայր Սուրբը եւս իր օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ եւ ըսաւ, որ Էսաեան վարժարանի այս սիրոյ սեղանը կը դառնայ նուիրական, քանի որ այս սեղաններուն մօտ անցեալէն մինչեւ այսօր ճաշած են քանի՜ քանի Էսաեանցիներ։ Այլապէս, յիշատակութիւն մը արժանավայել ձեւով կը կատարուէր եւ այս միոյն արժանի էին Էսաեան հարազատները։ Այս առթիւ օրհնեց բոլոր ներկաները եւ մաղթեց խաղաղութեամբ լի օրեր։

Թաքսիմի արարողութիւններէն յետոյ պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուաւ Շիշլիի Հայոց Գերեզմանատուն, ուր Հայր Սուրբի նախագահութեամբ եւ Տէր Հօր մասնակցութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Էսաեան հարազատներու շիրիմներուն մօտ։