image

Յղի կինը եւ իր որդին ցարդ չեն գտնուած

Յղի կինը եւ իր որդին ցարդ չեն գտնուած

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան խօսնակ Հայ Կոստանեան հերքած է տեղեկութիւնները, թէ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ յայտնաբերուած է անհետ կորսուած համարուող յղի կինը՝ իր որդիի հետ։ 

«Հերքում

Լրահոսում որոշ ժամանակ է՝ շրջանառւում է մինչ այս անհետ կորած համարուող յղի կնոջ եւ իր որդու յայտնաբերման մասին լուրը, որը, ցաւօք, կեղծ է։

Կրկին յորդորում ենք հետեւել ԱԻՆ տեղեկատւութեանը, տուրք չտալ յոյզերին, որքան էլ՝ ցանկալի լինի լսել յուսադրող լուրը։

Գործընկերներիս եւ լրագրողներին խնդրում եմ տեղեկատւութիւնը տարածել միայն բազմակողմանիօրէն ճշդելուց եւ պաշտօնական հաստատում ստանալուց յետոյ։

Յ.Գ աշխատանքները շարունակւում են առանց դադարի»,– ԴԻմատետրեան իր էջին գրած է ան։

Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Փամփուխչանն իր հերթին չէր հաստատած լրատուամիջոցներու տեղեկութիւնը, թէ շէնքի նկուղի հատուածէն ողջ մնացած քաղաքացի դուրս հանած են։ Նախարարն ըսած էր, որ ձայներ լսուած էին այդ հատուածէն եւ հիմա աշխատանքներ կը կատարուին։