Իսկ դուն, սիրելի Սիլվա, ապրեցար լիարիւն, լիայորդ ու լիարժէք կեանքով: Չեմ ճանչցած քեզ երբ փոքր էիր, դուն՝ Կիպրոս, ես՝ Լիբանան: Բայց կեանքդ Վարդանին հետ կապելէ ետք, որքա՛ն անմոռաց, յիշատակելի, ամբողջ կեանք մը լեցնող պահեր բաժնած ենք միասին: Քու տանդ ջերմ յարկին տակ, Մելգոնեանի անտառախիտ տարածքին վրայ բացուող ռոմանթիք պատշգամին վրայ, Լառնագայի գողտրիկ տանդ մէջ, բարեկամներու եւ մեր տուներէն ներս, տարբեր ճաշարաններու մէջ, բայց մանաւանդ բնութեան ծոցին, լեռներու զովաշունչ լանջերուն ու յատկապէս Փաֆոսի լուսաճաճանչ ափերուն...որոնք դեռ գուցէ պահեն արձագանգը մեր քահ-քահ խնդուքներուն, լիաթոք ծիծաղի հնչիւններուն...Յունական Բարեկենդանի կամ «կաթարի տէֆթերա»ի օրերը, տարեկան ուխտագնացութեան պէս սրբութեամբ պահպանուած սովորութեամբ, իսկական խրախճանքի օրեր էին մեր բարեկամական շրջանակին համար, անթառամ յուշերով եւ ապրումներով անուշցած...
Կիպրահայ համայնքի մտաւորական անուններէն՝ Երան Գույումճեան կը գրէ՝
Որքան ծանր է յետ-մահու քանի մը սրտաբուխ խօսքով զրուցել քեզի հետ, երբ ա՛լ չկաս գոնէ այս կեանքին մէջ...Դուն որ կեանքով կ'եռայիր, կեանքով կը խայտայիր...Դժուար է պատկերացնել երկու հակադիր իրականութիւններ՝ Սիլվա եւ անշարժութիւն, Սիլվա եւ լռութիւն...Անհաւատալի, անըմբռնելի, անհամատեղելի: Կեանքի եւ մահուան դառն առեղծուած:
Այս վերջին շաբաթներուն յատկապէս, երբ իմացայ չարանենգ, անողոք հիւանդութիւնը որ կը սպառնար կեանքիդ ու արեւիդ...մտովին միշտ քեզի, քեզի եւ Վարդանին հետ էի կարօտաբաղձ ապրումներովը մեր ապրած երանաւէտ օրերուն:
Կը յիշե՞ս...մեր ծանօթութեան առաջին պահը, Քայրինիոյ գեղածիծաղ մէկ ափին, երբ այնքան երիտասարդ էինք, տակաւին քսանամեայ, կեանքի աւիշող յորդուն, անոր արեւով արբշիռ...Աչքերուդ սեւ փայլը սեւեռեցիր աչքերուս եւ սիրտէ սիրտ ծիածան մը կամարուեցաւ մեր միջեւ...
Այն օրէն անցեր են աւելի քան կէս դար, բայց ամուր բարեկամութիւն մը մեզ կապեց իրարու ժամանակի թաւալքին հետ եւ մնաց անխախտ, նոյնիսկ երբ ամիսներ շարունակ չէինք տեսներ զիրար: Դուն եւ Վարդանը, Սօսին եւ Հայրապետը դարձաք մեր ամէնէն մտերիմները...
Այնքան կ'ուզէի վերջին անգամ մը գէթ քեզ տեսնել, բայց իմացայ որ հիւանդութեանդ վերջին ծանր օրերուն, չէիր ուզեր տեսնել նոյնիսկ զաւակներդ եւ սիրասուն թոռներդ, գուցէ անոր համար որ անոնք քեզ յիշեն քու իսկական էութեամբ՝ կենսախինդ, կենսատրոփ, համակ կեանք ու խանդավառութիւն, համակ սէր ու նուիրում, թռվռուն ու խնդուն...
Ներքին հպարտութիւնդ չէր ալ արտօներ որ քեզ տեսնէին, քեզ տեսնէինք տկար, անօգնական ու տառապակոծ վիճակի մը մէջ: Այդպէս էիր, այդպէս մնացիր:
Ստոյիկեան իմաստասիրութիւնը կ'արձանագրէ. «Մահը չէ ամէնէն մեծ կորուստը, այլ՝ այն կեանքը զոր չկրցար ապրիլ երբ ողջ էիր»:
Իսկ դուն, սիրելի Սիլվա, ապրեցար լիարիւն, լիայորդ ու լիարժէք կեանքով: Չեմ ճանչցած քեզ երբ փոքր էիր, դուն՝ Կիպրոս, ես՝ Լիբանան: Բայց կեանքդ Վարդանին հետ կապելէ ետք, որքա՛ն անմոռաց, յիշատակելի, ամբողջ կեանք մը լեցնող պահեր բաժնած ենք միասին: Քու տանդ ջերմ յարկին տակ, Մելգոնեանի անտառախիտ տարածքին վրայ բացուող ռոմանթիք պատշգամին վրայ, Լառնագայի գողտրիկ տանդ մէջ, բարեկամներու եւ մեր տուներէն ներս, տարբեր ճաշարաններու մէջ, բայց մանաւանդ բնութեան ծոցին, լեռներու զովաշունչ լանջերուն ու յատկապէս Փաֆոսի լուսաճաճանչ ափերուն...որոնք դեռ գուցէ պահեն արձագանգը մեր քահ-քահ խնդուքներուն, լիաթոք ծիծաղի հնչիւններուն...Յունական Բարեկենդանի կամ «կաթարի տէֆթերա»ի օրերը, տարեկան ուխտագնացութեան պէս սրբութեամբ պահպանուած սովորութեամբ, իսկական խրախճանքի օրեր էին մեր բարեկամական շրջանակին համար, անթառամ յուշերով եւ ապրումներով անուշցած...
Ապրեցար լիարժէք կեանքով մանաւանդ ձեր ընտանեկան տաքուկ օճախին մէջ, դարձար ամբողջական զօրավիգն ու թանկագին նեցուկը կեանքի ընկերոջդ՝ Վարդանին, որ միշտ ապրեցաւ ազգային-կրթական-գեղարուեստական-մշակութային հեւքով ու վազքով՝ օրը 24 ժամ, առանց բացառութեան: Դպրոց, նկարչութիւն, դասախօսութիւններ, ցուցահանդէսներ, երգչախումբի փորձեր, ժողովներ զիրար հրմշտկեցին շարունակ...Դժուար էր կեանքը, բայց համերաշխ սրտակցութեամբ յաղթահարեցիք ամէն դժուարութիւն եւ եղաք զիրար անսահմանօրէն սիրող երանելի, օրինակելի զոյգ մը: Ապառաժեայ թիկունք էիր Վարդանին, ամուր, անփշրելի կամքով ու սիրով: Նմանապէս, դարձար տիպար, նուիրեալ մայր դուստրերուդ՝ Թալինին եւ Նանօրին, ինչպէս նաեւ՝ ամբողջանուէր սիրով գուրգուրոտ մեծմայր թոռնիկներուդ՝ Քրիսթոֆըրին եւ Էրիքին: Տակաւին կային ռատիօժամի պարտականութիւններդ: Կեանքի քաղցր բեռը տարիր փառքով ու պատիւով, հայուհիի վայել տոկունութեամբ, անխոնջ ոգիով ու անսպառ եռանդով՝ ժպիտդ անպակաս, ճերմակին ճերմակ, սեւին՝ սեւ ըսող անկեղծութեամբ եւ յանդգնութեամբ , երբեմն նոյնիսկ խարազանող, դիպուկ եւ զգաստացնող խօսքով: Այսպէս կերտեցիք ձեր ընտանեկան երջանկութիւնը որ հիմնաքարը դարձաւ նորանոր յաջողութեանց, ի մասնաւորի Վարդանին նկարչական փայլուն, հպարտառիթ ցուցահանդէսներուն աշխարհով մէկ: Վարդանին հետ հաւասարապէս եւ թերեւս անկէ ալ աւելի վայելեցիր արդար բերկրանքը անոնց: Քու կողակիցիդ բառերով՝ «Յաջողութիւնը չէ երջանկութեան բանալին, այլ երջանկութիւնն է յաջողութեան բանալին»: Դուք միասնաբար շո՛ղ առ շո՛ղ եւ ա՛մպ առ ա՛մպ կերտեցիք այդ երջանկութիւնը, ձեր տքնաջան աշխատանքով, անկոտրում կամքով, անշեղ անհատականութեամբ ու սիրով, ինչ որ դուռը լայն բացաւ լուսաւոր յաջողութեանց:
Հանճարեղ պատանի բանաստեղծը՝ Պետրոս Դուրեան պիտի աղաղակէր.-
Է՜, մընաք բարով, Աստուած եւ արեւ,
Որ կը պըլպըլաք իմ հոգւոյս վերեւ…
Աստղ մ՛ալ ես կ՛երթամ յաւելուլ երկինք...
Հոգիդ որպէս աստղ պիտի փայլի մեր երկնակամարին վրայ ու մահ պիտի չունենայ: Պիտի փայլի իր թողած բարի հետքերով, քաղցր յուշերով, անսպառ ու աննկուն ոգիի ու կորովի ներշնչումով, երբեմն ալ կեանքի անարդարութեանց դէմ ընդվզող ըմբոստութեամբ: Պիտի ապրիս մեր բոլորին սիրտերուն մէջ:
Այս աշխարհէն անդարձ մեկնումիդ առիթով, իմ խորազգած ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ քու սիրելի կողակիցիդ, Վարդանին, որ քեզ անհուն գուրգուրանքով խնամեց մինչեւ վերջին շունչդ, քու դուստրերուդ, թոռներուդ եւ անոնց պարագաներուն, հարազատներուդ, գործակիցներուդ,..Աստուած մխիթարութիւն պարգեւէ կորուստիդ ցաւով կսկծահար բոլոր սիրտերուն: Հողը թեթեւ գայ վրադ, լոյսերու մէջ ննջէ հոգիդ: Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
Երան Գույումճեան
15/2/2025