image

Յայտնի նկարչուհի Ասիլվա Պոլսոյ մէջ նկարչական  աշխատանոցի դասեր կազմակերպեց

Յայտնի նկարչուհի Ասիլվա Պոլսոյ մէջ նկարչական  աշխատանոցի դասեր կազմակերպեց

Պոլսոյ մէջ, Մխիթարեան վարժարանի 200-ամեակի միջոցառումներու եւ «Փարոս» ամսագրի 15-ամեակի առիթով, նախկին պոլսահայ, այժմ ֆրանսաբնակ յայտնի նկարչուհի Ասիլվա նկարչական ստեղծարար աշխատանոցի եռօրեայ դասեր կազմակերպած է։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Նախկին պոլսահայ, այժմ ֆրանսաբնակ յայտնի նկարչուհի Ասիլվա Իսթանպուլ կը գտնուի երկու նպատակներով։ Մխիթարեան վարժարանի 200ամեակի միջոցառումներու եւ «Փարոս» ամսագրի 15ամեակի առիթով, Ասիլվա նկարչական ստեղծարար աշխատանոցի եռօրեայ դասեր կազմակերպեց Մխիթարեան վարժարանի սրահին մէջ։ Մեր վարժարաններէն խումբ մը աշակերտներ եւ նկարչութեան սիրահարներ, շուրջ 50 հոգի, երեք օր շարունակ զարգացուցին իրենց ստեղծարար միտքն ու գծագրութեան ընդունակութիւնները։ Աշխատանոցը, որու ընթացքին Ասիլվա գիտական մօտեցումներով ներկայացուց նկարելու եւ ստեղծարարութիւնը մէջտեղ հանելու կերպերը, ամբողջապէս ընկալուեցաւ մասնակիցներու կողմէ։ Ի՞նչպէս նկարել, ո՞ր գոյները համադրել, ինչպէ՞ս որսալ ամենափոքր իսկ դրուագները, այսպիսի հարցեր իրենց պատասխանը գտան աշխատանոցի ընթացքին։

Երէկ, 25 Ապրիլին, բոլոր մասնակիցները եւ հիւրեր հաւաքուեցան Մխիթարեան Սանուց Միութեան կեդրոնատեղիին մէջ։ Ցուցադրութիւն մը կար. աշխատանոցի մասնակիցներու նկարները ներկայացուած էին գեղեցիկ ամբողջութեան մը մէջ։ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր՝ Վարդան Թ.Ծ.Վ. Գազանճեան, Մխիթարեան վարժարանի զոյգ տնօրէնուհիները՝ Եւա Օրագեան եւ Գաթիա Վարկը, Սանուց Միութեան վարչութեան անդամներ՝ Ատենապետ Արսէն Գովանի գլխաւորութեամբ, հո՛ն էին։ Ասիլվա եւ «Փարոս»ի խմբագիր Տիկին Մայտա Սարիս միասնաբար բաժնեցին աշխատանոցի մասնակցութեան վկայականները՝ յատկապէս ղրկուած ԻՒՆԷՍՔՕի եւ Արուեստներու միջազգային ընկերակցութեան կողմէ։

Բոլորն ալ խանդավառ էին։ Խմբանկարը յաւերժացուց օրուայ յիշատակը։