Եւրոպական ֆութպոլային ընկերակցութեան միութեան (ՈՒԵՖԱ) չորս ներկայացուցիչներ լոպպինկ կ՚ընեն Իսրայէլի մասնակցութիւնը կասեցնելու որոշման համար՝ հաշուի առնելով անոր գործողութիւնները Կազայի հատուածին մէջ։ Այս մասին հաղորդած է RMC Sport-ը։
Աղբիւրի տեղեկութիւններով՝ Սպանիան, Նորվեկիան եւ Թուրքիան պնդած են, որ շտապ միջոցներ ձեռնարկեն Իսրայէլի դէմ: Հաղորդուած է, որ Անգլիոյ ֆութպոլային ընկերակցութիւնը նոյնպէս հետաքրքրուած է իսրայէլեան ակումբներուն եւ հաւաքականին ՈՒԵՖԱ-ի հովանիի ներքոյ կայացող մրցումներէն հեռացնելու հարցով: