ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն իր ֆեյսպուքյան էջին յայտնած է, որ հանրապետութեան նախագահին միջնորդութիւն ներկայացուցած է՝
ՀՀ ԶՈւ 2-րդ բանակային ջոկատի հրամանատար, գնդապետ Արայիկ Յարութիւնեանին զօրավար-մայորի,
ՀՀ ԶՈւ 4-րդ բանակային ջոկատի հրամանատար, գնդապետ Արտակ Պուտաղեանին զօրավար-մայորի,
ՀՀ ԶՈւ գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար-լեյտենանտ Օնիկ Գասպարեանին զօրավար-գնդապետի զինուորական կոչում շնորհելու մասին:
նկարին մէջ՝ ձախէն աջ, գնդապետ Ա. Յարութիւնեան, գնդապետ Ա. Պուտաղեան, զօրավար-լեյտենանտ Օնիկ Գասպարեան