Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը վերանշանակած է Սեպասթիան Լըքորնիւն երկրի վարչապետի պաշտօնին՝ անոր հրաժարականէն 4 օր անց։
Լըքորնիւն հրաժարական ներկայացուցած էր՝ յայտնելով, որ այլեւս չուզեր ղեկավարել կառավարութիւնը, սակայն նախագահի հետ շարունակուող խորհրդակցութիւններէն ետք համաձայնած է վերադառնալ պաշտօնին։
Էլիզեան պալատը հաղորդած է, որ Մաքրոնը որոշումը կայացուցած է 48 ժամուան մէջ նոր վարչապետ նշանսկելու իր իսկ սահմանած ժամկէտի աւարտին։ Վերանշանակումէն ետք Լըքորնիւն X-ի հարթակի իր էջին գրած է, որ կ՚ընդունի «իրեն վստահուած առաքելութիւնը պարտքի զգացումէ ելլելով»։
Մինչեւ անակնկալ նշանակումը, Մաքրոն հանդիպած էր խորհրդարանէն ներս ներկայացուած քաղաքական ուժերու ղեկավարներու հետ՝ բացառութեամբ ծայրայեղ աջերու եւ ծայրայեղ ձախերու։ Քննարկումներու նպատակն էր ձեւաւորել կառավարութիւն, որ կը կարողանայ պատգամաւորներու մեծամասնութեան աջակցութեամբ տարեվերջին ապահովել պիւտճէի ընդունումը։