««Ոսկէ ծիրան» Երեւանի միջազգային փառատօնի տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան, նոր ֆիլմաշարի նկարահանման աշխատանքներուն ծանրաբեռնուածութեան պատճառով եւ իր դիմումին համաձայն լքած է «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի տնօրէնի պաշտօնը»,- այս մասին կը տեղեկացնէ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի մամուլի կեդրոնը:
Աղբիւրը կը յայտնէ նաեւ, որ փառատօնի հիմնադիր խորհուրդին որոշումով՝ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի տնօրէն նշանակուած է փառատօնի գեղարուեստական տնօրէն, շարժանկարի մասնագէտ Սուսաննա Յարութիւնեան: