Այսօր ոչինչ մնացած է Ռուս-Հայկական «դարաւոր եղբայրութենէն» որուն մասին կը սիրեն խօսիլ Մոսկուայի բանբերները: Հայ ժողովուրդը հիասթափուած է Քրեմլինի վարած անհեռատես քաղաքականութենէն: Ժամանակը պիտի գայ եւ Ռուսաստան պիտի անդրադառնայ« որ Պաքուի ու Անգարայի վրայ դրուած գրաւը երկարաժամկէտ առումով վնասած է իր աշխարհաքաղաքական շահերուն, առաջին հերթին կորսնցնելով Հայաստանի նման վստահելի դաշնակից մը ու աւելի կարեւորը` Հայ ժողովուրդի համակրանգն ու վստահութիւնը:
Շատ ճիշդ է ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարի բնութագրումը` «Ռուսաստանը եկել, մեր ձեռքից վերցրել է Լեռնային Ղարաբաղը, վերադարձրել է Ատրպէյճանին»:
Առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի բարձրաստիճան մէկ պաշտօնեան բարձրաձայն ըսաւ այն ինչ, որ Հայ հասարակութեան մեծ մասին մօտ արդէն իսկ ձեւաւորուած կարծիք էր, ժամանակէ մը ի վեր:
ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը, յայտարարեց` «երբ մենք ամբողջովին կախուած էինք Ռուսաստանից, Ռուսաստանը եկել, մեր ձեռքից վերցրել է Լեռնային Ղարաբաղը, վերադարձրել է Ատրպէյճանին, յետոյ ետ գնացել, սա է ամբողջ իրականութիւնը: Ես պնդում եմ` Ռուսաստանը վերցրել է Լեռնային Ղարաբաղը»:
Ռուսաստանի շարք մը կառավարական ներկայացուցիչներ փորձեցին հակադարձել Գրիգորեանի խօսքերուն անկապ ու անհասկանալի խօսքերով: Մին ըսաւ թէ այդ վիրաւորական է Հայ ժողովուրդին համար: Թէ այդ խօսքերը ի՞նչպէս կրնան վիրաւորել հայութիւնը, երբ ան իր աչքերով տեսաւ, այն ինչ որ տեղի ունեցաւ Արցախի ու Արցախահայութեան հետ ու զգաց բարեկամ ու դաշնակից երկրի լուռ մեղսակցութիւնը թշնամիին հետ:
Մէկ այլ Ռուս պաշտօնեայ ըսաւ, որ Գրիգորեանը պէտք է ծանօթանայ այս հարցին վերաբերեալ հայ քաղաքական գործիչներու յայտարարութիւններուն: Ո՞ր գործիչներու, ո՞ր յայտարարութիւններու մասին է խօսքը ոչ միայն յստակ չէ այլ իմաստազուրկ: Եթէ Մոսկուան ունէր պատասխան այդ պէտք է ներկայացուէր Հայ հանրութեան օրինակներով ու պատշաճ բացատրութիւններով, թէ ի՞նչ քայլեր առնուած են իրենց կողմէ՝ կանխելու համար Արցախի աղէտը:
Գրիգորեանի տուած գնահատականը հիմնուած է 2020 թուականի Նոյեմբերէն ետք տեղի ունեցած իրադարձութիւններու հերթականութեան վրայ: Ռուս խաղաղապահները ժամանեցին Լեռնային Ղարաբաղ պաշտպանելու համար տեղւոյն բնակչութիւնը եւ գործադրութեան դնելու պատերազմի աւարտին գոյացած համաձայնութիւնները: Երբ Ատրպէյճանական զօրքերը սկսան խախտել զինադադարի սահմանները, ոչ մէկ քայլ առաւ վերականգնելու համար նախկին իրավիճակը, երբ «բնապահպանները» փակեցին ճանապարհը չփորձեց հեռացնել զանոնք ճամբու երթեւեկելի մասէն: Երբ Արցախահայութիւնը ենթարկուեցաւ ամբողջական շրջափակումի՝ զրկուելով սնունդէ, դեղորայքէ եւ բժշկական խնամքէ, Ռուսաստան մնաց լուռ դիտողի դերին մէջ, երբ Ազերի բանակը Լաչինի միջանցքին անցակէտ տեղադրեց Ռուսաստանը նոյնիսկ չդատապարտեց այդ« հակառակ որ ան ստանձնած էր Լաչինի միջանցքի անխափան գործունէութեան պարտականութիւնը եւ Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ կապը պահելու պարտաւորութիւնը: Երբ անցեալ տարուայ Սեպտեմբերին Ատրպէյճան ռազմական գործողութիւններ սկսաւ Ստեփանակերտի դէմ, Ռուսական բանակը ժամեր անց պարտադրեց Արցախի իշխանութիւններուն անմիջապէս համաձայնելու զինադադարի շուրջ, զէնքերը յանձնելու եւ Արցախի Հանրապետութիւնը լուծարելու որոշում ստորագրելու: Եւ վերջապէս, տեղի ունեցաւ հինգ տարուայ համար եկած Ռուս խաղաղապահներու անփառունակ հեռացումը եւ Արցախի ամբողջական յանձնումը Ատրպէյճանին: Այս է շատ մօտ անցեալի պատմութիւնը, որմէ չի կրնար խուսափիլ Մոսկուան, որքան ալ որ փորձէ պատասխանատուութիւնը բեռցնել Հայկական կողմին վրայ:
Այսօր ոչինչ մնացած է Ռուս-Հայկական «դարաւոր եղբայրութենէն» որուն մասին կը սիրեն խօսիլ Մոսկուայի բանբերները: Հայ ժողովուրդը հիասթափուած է Քրեմլինի վարած անհեռատես քաղաքականութենէն: Ժամանակը պիտի գայ եւ Ռուսաստան պիտի անդրադառնայ« որ Պաքուի ու Անգարայի վրայ դրուած գրաւը երկարաժամկէտ առումով վնասած է իր աշխարհաքաղաքական շահերուն, առաջին հերթին կորսնցնելով Հայաստանի նման վստահելի դաշնակից մը ու աւելի կարեւորը` Հայ ժողովուրդի համակրանգն ու վստահութիւնը:
Շատ ճիշդ է ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարի բնութագրումը` «Ռուսաստանը եկել, մեր ձեռքից վերցրել է Լեռնային Ղարաբաղը, վերադարձրել է Ատրպէյճանին»:
Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»