image

Լեւոն 14-րդ Պապը Ֆրանչիսկոս Պապի ուղիով

Լեւոն 14-րդ  Պապը Ֆրանչիսկոս Պապի ուղիով

Հռոմի Լեւոն 14–րդ պապը յայտարարած է, որ պիտի շարունակէ Ֆրանչիսկոս պապի տեսլականն ու բարեփոխումները:

Այս մասին յայտնած է Reuters:  

Լեւոն 14–րդ պապը կարտինալներուն ըսած է, որ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը թողած է «արժէքաւոր ժառանգութիւն», որ պէտք է շարունակուի։ 

Բոլոր կարտինալներուն հետ իր առաջին հանդիպման ան խնդրած է աւագ հոգեւորականներէն հաստատել իրենց յանձնառութիւնը 1960-ականներուն Վատիկանի երկրորդ ժողովի կողմէ ընդունուած եկեղեցական խոշոր բարեփոխումներուն։

Լեւոն 14–րդ պապը նշած է, որ ընդհանուր առմամբ Ֆրանչիսկոս պապը, որ տեսլական ունէր՝ 1.4 միլիառ անդամ ունեցող եկեղեցին բանալ դէպի ժամանակակից աշխարհ, թողած է ծառայութեան լիակատար նուիրումի օրինակ:  

«Եկէք ստանձնենք այս արժէքաւոր ժառանգութիւնը եւ շարունակենք մեր ճամբորդութիւնը», - ըսած է նորընտիր պապը կարտինալներուն։