image
Հրատապ լուրեր:

Թրամփ Սէուտական Արաբիոյ գագաթնաժողովին կրնայ ճանչնալ Պաղեստին Պետութիւնը

Թրամփ Սէուտական Արաբիոյ գագաթնաժողովին կրնայ ճանչնալ Պաղեստին Պետութիւնը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սէուտական Արաբիոյ մէջ կայանալիք գագաթնաժողովին կրնայ յայտարարել Պաղեստինի ճանաչման մասին: Այս մասին գրած է The Jerusalem Post-ը՝ վկայակոչելով ամերիկեան The Media Line գործակալութիւնը։

«Նախագահ Տանըլտ Թրամփը պիտի յայտարարէ Պաղեստինի պետութեան եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ զայն ճանաչելու հարցի վերաբերեալ որոշման մասին, որ կը ներառէ պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը առանց «Համաս»-ի մասնակցութեան»,- ըսուած է հրապարակման մէջ:

Աղբիւրներու հաղորդմամբ՝ Պաղեստինի ճանաչման մասին որոշումը պիտի ուղեկցուի նոր պետութեան կառավարման «Համաս»-ի չմասնակցելու պայմանով:

Աւելի վաղ պաղեստինեան «Համաս» շարժումը հաստատած էր, որ Իսրայէլի հետ համաձայնագիրի ծիրէն ներս Կազայի մէջ հնգամեայ հրադադարի հարցում ըրած է:

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի ռազմաքաղաքական գրասենեակը 4 մայիսի լոյս 5-ի գիշերը միաձայն հաւանութիւն տուած է Կազայի հատուածի մէջ գործողութեան ընդլայնման ծրագիրին, որ կը ներառէ տարածքներու գրաւումն ու պահպանումը: