image

Հնդկաստանը եւ Փաքիստանը համաձայնութեան եկած են լիակատար եւ անյապաղ hրադադարի շուրջ․ Թրամփ

Հնդկաստանը եւ Փաքիստանը համաձայնութեան եկած են լիակատար եւ անյապաղ hրադադարի շուրջ․ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններէն յետոյ Հնդկաստանը եւ Փաքիստանը համաձայնութեան եկած են լիակատար եւ անյապաղ հրադադարի շուրջ։

Աւելի ուշ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ Հնդկաստանը եւ Փաքիստանը համաձայնած են բանակցութիւններ սկսիլ չէզոք տարածքի մէջ՝ հարցերու լայն շրջանակի շուրջ։

Նախօրէին Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրամանեամ Ճայշանքարը յայտարարած էր, որ Տելհին «մտադիր չէ սրել իրավիճակը» Փաքիստանի հետ, սակայն ցանկացած ռազմական յարձակում «կ'արժանանայ շատ կոշտ պատասխանի»։