Մենք անկասկած կը ցաւինք, որ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիական բնակչութեան ներկայացուցիչներէն շատերը որոշեցին հեռանալ։ Մենք, սակայն, կը յարգենք ազատ ընտրութեան եւ ազատ տեղաշարժի սկզբունքները։ BBC-ին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը։
Անոր պնդմամբ՝ «տեղւոյն բնակչութեան մեծամասնութիւնը ազգային ատելութիւն կը տածէ ատրպէյճանցիներու նկատմամբ, եւ անոնք կ'ըսեն՝ «մենք չենք կրնար ապրիլ Ատրպէյճանի դրօշի ներքոյ»։
Բրիտանացի լրագրողի հարցին, թէ արդեօ՞ք վերջին իրադարձութիւններն աւելի քան 30 տարի շարունակուած հակամարտութեան վերջը կ'ազդարարեն, Հաճիեւ պատասխանած է․
«Մենք յոյսով ենք, որ կը մօտենանք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ 200 տարի շարունակուող այս հակամարտութեան հանգուցալուծման»։