Չինաստանի փոխվարչապետ Հէ Լիֆենկ եւ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտի նախարար Սքոթ Պեսենթ 10 մայիսին Ժընեւի մէջ բանակցութիւններ սկսած են, որպէս համաշխարհային տնտեսութիւնը խաթարող «առեւտրային պատերազմ»ը չէզոքացնելու առաջին քայլ։
Երկու երկիրներու պաշտօնեաները հանդիպած են շաբաթներ շարունակ աճող լարուածութեան ֆոնին, երբ աշխարհի երկու խոշորագոյն տնտեսութիւններու միջեւ ապրանքներու ներմուծման մաքսատուրքերը գերազանցած են 100 տոկոսը: