ՎԵՐՋ ԵՒ ԱՆՎԵՐՋՈՒԹԻՒՆ
Վերջ։ Այս ուստարուան Բ․ կիսամեակի առաջին ընթացիկ քննութիւններուս աւարտին՝ 54 տարուան իմ կրթական-մանկավարժական աշխատանքէս հրաժեշտ առի։ Պատճա՞ռ․ «անկէ» է պիտի ըսէր ոեւէ ծերունի։ Ես ալ կը վախնայի, որովհետեւ արդէն վաղեմի լեռնագնացի ոտքերս չեն դիմանար, ու ես օր մըն ալ կրնայի գլտորիլ Երեւանի առաջին համալսարանի՝ Սեւ շէնքի բարձր աստիճաններէն ու ․․․նախընտրեցի, բազրիքները ամուր սեղմած վար իջնել ու վերադառնալ տուն։Կը խնդրեմ «գլտորիլ» բառին մէջ փոխաբերական իմաստներ չփնտռել։Ու հիմա՝ Այնճար, Պէյրութ, Հալէպ․․․ Քանի հայկական վարժարաններ, հայագիտական դասընթացքներ, ուսուցիչներու վերապատրաստութիւն, լեզուական մտահոգութիւններով գիտաժողովներ․․․Երեւանի պետական համալսարան․․․ դասագիրքեր, ձեռնարկներ, ուղեցոյցներ, հազարաւոր աշակերտներ եւ ուսանողներ․․․ որոնք կարծես չեն եղած կեանքիս մէջ․․․ ուր չեմ եղած կարծես բնաւ․․․որոնց համար սիրտ ու հոգի չեմ հատցուցած կարծես․․․ Ո՞վ հաշուեց, ո՞վ իմացաւ․․․- Հաշուեյարդար... Ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց․․․
Մնաց հաւատքը, որ իմ ուսանողներէս ո՛վ գիտէ քանի հոգի նոյն վերելքով պիտի շարունակեն մագլցիլ եւս 54 տարի․․․
եւս 54 տարի․․․
եւս 54 տարի․․․
եւս․․․
Ատոր վերջ չկայ։