Յաջորդ տարին պէտք է վճռորոշ ըլլայ Ռուսիոյ հետ պատերազմի հարցով: Այս մասին երեկոյեան տեսաուղերձի ժամանակ ըսած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին, գրած է zn.ua կայքը:
«Մենք կը շարունակենք Ուքրանիոյ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ուժերու նախապատրաստումը յաջորդ տարուան համար: Սա պէտք է ըլլայ վճռորոշ տարի: Մենք կը հասկանանք, թէ ինչ վտանգներ կան ձմրան, մենք կը հասկնանք, թէ ինչ պէտք է ընենք գարնան. սա կը նշանակէ, որ մենք կը հասկնանք, թէ ինչ արդիւնքներ պէտք է ցոյց տայ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ամբողջ ոլորտը»,-ըսած է ան։
Զելենսքին նշած է, որ այս տարուան կարեւոր արդիւնքը եղած է ինչպէս սեփական, այնպէս ալ գրեվարուած ռազմական տեխնիկայի վերանորոգման գործընթացի ստեղծումը։
«Առանձին քննարկած ենք զինամթերքի մատակարարման եւ վերանորոգման հարցը, մենք յաջողած ենք ստեղծել այնպիսի համակարգ, որ ոչ միայն վերանորոգուած տեխնիկան վերադարձուի մարտադաշտ, այլ մարտադաշտէն գրաւուած տեխնիկան վերցնենք եւ ծառայեցնենք մեր պետութեան։ Սա շատ կարեւոր արդիւնք է»,-ըսած է Զելենսքին: