Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս յայտնած է, որ յաջորդ շաբաթ պաշտօնապէս պիտի ընդունի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի՝ Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուն ըլլալու առաջարկը:
«Ինծի համար մեծ պատիւ է ըլլալ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուն: Ես պաշտօնապէս պիտի ընդունիմ այդ առաջարկը յաջորդ շաբաթ»,- X-ի իր միքրոպլոկին գրած է Հարիս։
CNN հեռուստաալիքը տեղեկացուցած է, որ առցանց ընտրութեամբ Հարիսն անհրաժեշտ թիւով ձայներ ստացած է Դեմոկրատական կուսակցութենէն նախագահի թեկնածու առաջադրուելու համար: