image
Հրատապ լուրեր:

WHO-ն յայտնած է, թէ երբ աշխարհը «կը ձերբազատի» «Քորոնա»էն

WHO-ն յայտնած է, թէ երբ աշխարհը «կը ձերբազատի» «Քորոնա»էն

Ռուսաստանի մէջ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) ներկայացուցիչ՝ Մելիթա Վոյնովիչը տեսակէտ յայտնած է, որ մարդկութիւնը հնարաւորութիւն ունի կասեցնելու COVID-19 «Քորոնա» ժահրի համավարակը, որպէս այդպիսին, 2021 թուականին, կը հաղորդէ «ՄԿ»-ը:

Ընդ որում՝ Վոյնովիչ շեշտած է, որ աշխարհը, ամենայն հաւանականութեամբ, «Քորոնա» ժահրէն դեռ երկար ժամանակ ամբողջութեամբ չ'ազատիր:

«Ռոսիա-1» հեռատեսիլային կայանի եթերով՝ ԱՀԿ-ի ներկայացուցիչը նաեւ ենթադրած է, որ այս պահուն մշակուող պատուաստանիւթերը իրենց արդիւնաւէտութիւնը չեն կորսնցներ «Քորոնա» ժահրի փոփոխութեան պարագային: