image

Վտանգաւոր զարգացումներ Հնդկաստան-Փաքիստան սահմանին․ արձանագրուած են տասնեակ զոհեր

Վտանգաւոր զարգացումներ Հնդկաստան-Փաքիստան սահմանին․ արձանագրուած են տասնեակ զոհեր

Հնդկաստանն ու Փաքիստանը գիշերը փոխադարձ հարուածներ հասցուցած են իրար տարածքներու մէջ գտնուող թիրախներուն։ Այս մասին յայտնած է Politico-ն։

Հնդկական կողմը յայտնած է, որ հրթիռային հարուածներն ուղղուած եղած են «ահաբեկչական ենթակառուցուածքներուն»՝ Փաքիստանի Փենճապ նահանգին մէջ եւ Փաքիստանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Քաշմիրի մէջ։

Ռազմական գործողութիւններուն նախորդած է երկու շաբաթ առաջ Հնդկաստանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Ճամու եւ Քաշմիր նահանգներու մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումը, որու համար Նիւ Տելին մեղադրած է Փաքիստանը։

Փաքիստանի իշխանութիւնները յայտնած են, որ գիշերուան յարձակումներու հետեւանքով զոհուած է 8 մարդ՝ այդ շարքին կանայք եւ երեք տարեկան աղջիկ մը, եւս 35 մարդ ստացած է տարբեր աստիճանի վնասուածքներ։ Վարչապետ Շեհպազ Շարրիֆը հարուածները որակած է որպէս «պատերազմական գործողութիւն»։

Հնդկաստանի ոստիկանութիւնը յայտնած է, որ Փաքիստանի կողմէ Ճամու եւ Քաշմիրի գնդակոծութեան հետեւանքով զոհուած է 10 մարդ, եւս 48-ը վիրաւորուած են։