image

Վրաստանի մէջ. Մէկ օրուան ընթացքին 3 երկրաշարժ

Վրաստանի մէջ. Մէկ օրուան ընթացքին 3 երկրաշարժ

Վրաստանի հարաւը՝ Սամցխէ-Ջաւախքի մէջ, 3,1 ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է, յայտնած է երկրաշարժային վերահսկողութեան ազգային կեդրոնը։

Երկրաշարժի կեդրոնական գօտին գրանցուած է Թիֆլիսի ժամանակով ժամը 17:55-ին՝ Ախալքալաք քաղաքէն 2 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ՝ Տիլիսքա գիւղի մոտ։ Օճախը գտնուած է 5 քմ խորութեան վրայ, գրած է «Սփութնիք»-ի վրացական ծառայութիւնը։

Զոհերու եւ աւերածութիւններու մասին տեղեկութիւններ չկան։

Կիրակի օր երկու երկրաշարժ տեղի ունեցած է Վրաստանի արեւմուտքը՝ Օզուրկեթիի (Կուրիա) մերձակայքը։ Առաջինի ուժգնութիւնը 4,4 է, երկրորդինը՝ 3, 3։