image

Վրացական ընկերութիւնը իր էջէն հեռացուցած է Լոռիի մասին խնդրայարոյց գրառումը. Այն նաեւ կիսուած էր Վրաստանի նախագահ Զուրապիշվիլիի կողմէ

Վրացական ընկերութիւնը իր էջէն հեռացուցած է Լոռիի մասին խնդրայարոյց գրառումը. Այն նաեւ կիսուած էր Վրաստանի նախագահ Զուրապիշվիլիի կողմէ

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին դիմատետրեան էջին բաժնեկցած էր վրացական զբօսաշրջային կազմակերպութեան Լոռիի մարզին վերաբերող աղմկայարոյց գովազդային հրապարակմամբ:

Կազմակերպութիւնը, որ շրջապտոյտներ կը կազմակերպէ դէպի ՀՀ Լոռիի մարզ, յայտարարութեան մէջ գրած է.

«Մէկ այլ տխուր, բայց պարտադիր շրջագայութիւն... Պատմական Վրաստան։ Իւրայատուկ մշակոյթ, որ ցաւօք մնաց Լոռիի մէջ։ Յիշենք եւ փառաբանենք յաւերժական, առեղծուածային եւ մեծ Վրաստանը»։

Հրապարակման մէջ ներկայացուած եղած են Ախթալայի, Հաղպատի, Սանահինի, Օձունի վանքերը:

Սակայն ժամեր անց կազմակերպութիւնը նախ խմբագրած է աղմկայարոյց  հրապարակումը, այնուհետեւ իր էջէն հեռացուցած է այն։