image

Ուժանիւթի ճգնաժամի դէմ պայքարի միջոցները արագ արդիւնք կու տան. Շարլ Միշել

Ուժանիւթի ճգնաժամի դէմ պայքարի միջոցները արագ արդիւնք կու տան. Շարլ Միշել

Ուժանիւթակիրներու գիներու նուազեցման ուղղութեամբ Եւրոպական Միութեան կողմէ մշակուած միջոցները արագ արդիւնք կու տան: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրէս»-ը, 21 հոկտեմբերին յայտարարած Է Եւրոխորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշելը:

«Արդիւնքը կարելի պիտի ըլլայ զգալ շատ արագ»,-ըսած է ան՝ հանդէս գալով ԵՄ-ի գագաթնաժողովի առաջին օրուան արդիւնքներու շուրջ կայացած մամլոյ ասուլիսին:

Մասնաւորապէս, անոր խօսքով, դրական ազդեցութիւն կը ցուցաբերէ այն փաստը, որ «շուկաները կը տեսնեն միասին աշխատելու մեր պատրաստակամութիւնը»:

Միշել աւելի վաղ նշած Է, որ ԵՄ-ի երկիրներու ղեկավարները համաձայնած են յանձնարարել ուժանիւթի նախարարներուն՝ շտապ կարգով շարք մը առաջարկութիւններ մշակել, որոնք կոչուած են նուազեցնելու ուժանիւթակիրներու գիները, բարձրացնելու մատակարարումներու յուսալիութիւնը եւ նուազեցնելու ուժանիւթի սպառումը, հաղորդած Է «Ինթըրֆաքս»-ը: