Յունաստանի իշխանութիւնները յայտնած են, որ Թուրքիոյ ութ քաղաքացիներ փոքրիկ առագաստանաւով ժամանած են Հերաքլիոնէն հարաւ գտնուող նաւահանգիստ: Անոնց շարքին կան զինուորներ, որոնք ենթադրաբար կ'ուղեւորուին Ֆրանսա:
Ըստ ազգային հեռարձակող ERT-ի՝ ութ թուրք քաղաքական ապաստան խնդրած է Յունաստանէն:
Թուրքիայէն փախելու ժամանակ՝ նաւակը վնասուած է, եւ յոյն ձկնորսները, արձագանգելով աղէտի ազդանշանին, այն հասցուցած են անվտանգ տարածք՝ առափնեայ բնակավայր:
Հերաքլիոնի նաւահանգիստի վարչակազմի աշխատակիցները ձերբակալած են Թուրքիոյ քաղաքացիները, իսկ գործի նիւթերու պատրաստումը արդէն ընթացքի մէջ է: