image

Ուրուկուէյ ընդունած է ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակող օրէնքի նախագիծը

Ուրուկուէյ ընդունած է ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակող օրէնքի նախագիծը

Ուրուկուէյի Ներկայացուցիչներու պալատը միաձայն ընդունած է ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակող օրէնքի նախագիծը։ Տեղեկութիւնը յայտնած է DiarioArmenia-ն։

Նախագիծով՝ պետական բոլոր հեռուստա եւ ռատիոալիքները կը պարտաւորուին իւրաքանչիւր տարի ապրիլ 24–ին միաժամանակ անդրադառնալ Հայոց ցեղասպանութեան թեմային՝ տեսալսողական բովանդակութեան հեռարձակմամբ։

Նախագիծը ներկայացուցած են խորհրդարանականներ Նազմի Քամարկօն, Մարիա Եւկենիա Ռոսելոն, Խուան Մարթին Ռոտրիկեսը եւ Միքաելա Մելկարը:

Խորհրդարանականներն իրենց ելոյթներու ընթացքին դատապարտած են այն ձեւը, որով Թուրքիոյ ժխտողականութիւնը եւ անոր անպատժելիութիւնը խթանած են Ատրպէյճանի յանցագործութիւնները Հայաստանի եւ Լեռնային Ղրաբաղի բնակիչներու նկատմամբ վերջին տարիներուն` ներառեալ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը:

Նշուած է, որ հաստատուած նախագիծը հիմնուած է Աւետարանական եկեղեցւոյ դոկտոր Կուսթավօ Վանեսքահեանի նախաձեռնութեան վրայ, որ հրապարակային դառնալէ ետք ստացած է հայ համայնքի տարբեր հաստատութիւններու, այդ շարքին՝ Ուրուկուէյի Հայ դատի խորհուրդի աջակցութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Ուրուկուէյի Ծերակուտականներու տունը մայիս 7-ին միաձայն կողմ քուէարկած էր իւրաքանչիւր տարի ապրիլ 24-ը «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր» հռչակող օրէնքի նախագիծին: