❗🇱🇧Անցնող հոկտեմբերէն ի վեր Լիբանանցիք բոլորով շուարած վիճակի մէջ են, ի՞նչ են պատճառները։
❗Որ կողմերը կը փափաքին, որ Լիբանանի մէջ վախ եւ անորոշութիւն տիրէ։
❗🇱🇧🇦🇲Լիբանանահայ համայնքի անդամները, ինչպէս բոլոր լիբանանցիները կ՚անցնին դժուարին պայմաններէ եւ այդ մէկն է, որ մղեց շատերու արագօրէն օգնել մեր հայրենակիցներուն։
❗Լիբանանահայ գաղութին համար ոչ այնքան «սիրուած» Ալպէրովիչը այսօր դարձած է սիրելի եւ փնտռուած անձնաւորութիւն։
❗Ի վերջոյ այս ժամանակներուն, արտագաղթի մեծ ալիք կայ Լիբանանէն, այդ մէկը ինչքանով պիտի ազդէ լիբանանահայ գաղութին վրայ։
🔴Այս բոլորին մասին «Արեւելք»ին պատմեց լիբանանահայ «Պլոկըր» Ալպէրովիչ, նշելով, որ ճիշդ է, որ երգելը իր համար միշտ եղած է առաջնային, սակայն այսօր պայմանները ստիպած են իրեն, որ ամէն ինչ մէկդի նետէ եւ հասնի մեր հայրենակիցներու օգնութեան գործին։
🔴Միացէ՚ք մեր ալիքին, այդպիսով խթանած պիտի ըլլաք անկախ մամուլի առաքելութեան։