image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանիոյ ճակատ. Ռուսիոյ բանակը յառաջխաղացքի մէջ է

Ուքրանիոյ ճակատ. Ռուսիոյ բանակը յառաջխաղացքի մէջ է

Վերջին քանի մը օրուան ընթացքին ռուսական զօրքերը որոշակի յառաջխաղացում գրանցած են Տոնեցքի շրջանի Աւտէեւքա աւանի հիւսիսարեւմտեան եւ հարաւարեւելեան հատուածներու մէջ:

Այդ մասին ըսուած է Պատերազմի ուսումնասիրման հիմնարկի (The Institute for the Study of War) ամերիկեան վերլուծական կեդրոնի նոր զեկոյցին մէջ:

Շաբաթ եւ կիրակի օրերուն ռուսական հեռագրային ալիքներն ու պլոկըրները գրած են, թէ ռուսական զօրքերն ամբողջութեամբ վերահսկողութեան տակ վերցուցած են Աւտէեւքա աւանի արդիւնաբերական գօտին։

Անոնց հաղորդագրութիւններուն մէջ օգտագործուած է «արդիւնաբերական գօտիի պատմական ազատագրում» արտայայտութիւնը։

Հաղորդագրութիւններուն մէջ տեղ գտած են նաեւ հայրենասիրական բանաստեղծութիւններ եւ պնդումներ, թէ «ռուսական բանակը հիմա կը հասնի Քարփաթներ»։

Ռուսական զօրքերը հոկտեմբերէն սկսած են յարձակումն Աւտէեւքայի վրայ: Այս ընթացքին անոնք  հասնած են տեղական շարք մը յաջողութիւններու, սակայն քաղաքը դեռ շրջափակուած չէ։

Ուքրանական ռազմական գերատեսչութիւնը մանրամասներ չի յայտներ Աւտէեւքայի արդիւնաբերական գօտիին մէջ ստեղծուած վիճակի:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նոյնպէս չէ հաղորդած այդ աւանի արդիւնաբերական գօտիի գրաւման մասին։