image

Ուքրանիոյ տագնապը «Պայմանաւորուած խա՞ղ». Վերլուծաբան Ստեփան Դանիէլեանի տեսակէտը

 Ուքրանիոյ տագնապը «Պայմանաւորուած խա՞ղ». Վերլուծաբան Ստեփան Դանիէլեանի տեսակէտը

Միւս կողմէ Ուքրանիոյ մէջ արդէն յայտարարութիւններ կ'ընեն, որ պատրաստ են կատարել Մինսքի պայմանաւորուածութիւնները: Ուքրանիոյ մէջ, ըստ էութեան, խուճապ է, խոշոր ներդրումային ծրագիրներ կանգ առնուած են, օդը փակուած է, դեսպանատուները արդէն Լվով կը փոխադրուին: Այստեղ հարց կ'առաջանայ, թէ այդ ինչու կը կատարուի: Ուքրանական հասարակութեան մէջ տեսակէտներ կան, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ մեծ խաղ կ'ընթանայ, եւ իրենք զոհի դեր ստացած են: Այդ առումով գուցէ շատերու մօտ մտածողութեան փոփոխութիւն տեղի ունենայ, եւ հասկնան, որ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ չկան բարեկամներ ու թշնամիներ: Այսպէս կոչուած թշնամիներն ու բարեկամները կրնան իրար հետ պայմանաւորուիլ, եթէ ուժեղ են, եւ ատիկա թոյլ երկիրներու հաշւոյն կ'ըլլայ: Ուքրանիոյ մէջ այդ փոփոխութիւնը տեղի կ'ունենայ:

 

Ուքրանիոյ վերջին իրադարձութիւններու մասին հայրենի վերլուծաբան Ստեփան Դանիէլեան  օրերս  յայտարարութիւններ կատարած է «Նիւզ.ամ»  կայքին։

 

  Հոն ներկայացուած տեսակէտները  արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Այստեղ հարց կ'առաջանայ, թէ ինչո՞ւ համար է այս ամէն ինչը: Ես կը կարծեմ, որ այս ամէնուն տակ շատ խորքային պատճառներ կան: Սա աւելի շատ մեծ քաղաքական խաղ կը յիշեցնէ, քան այն, ինչ մամուլով կը տեսնենք: Այսինքն մէկ բան է, թէ ինչ կ'ըսեն Ռուսաստանի Դաշնութեան ու Միացեալ Նահանգներու նախագահները եւ մէկ այլ բան է, թէ իրականութեան մէջ ասոր տակ ինչ կայ:

Ինծի կը թուայ, թէ բազմաշերտ խաղ կ'ընթանայ եւ ինչ որ առումով, կան հիմնաւորուած կասկածներ, որ այստեղ պայմանաւորուած խաղ է Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ: Ամէն մէկը իր հարցերը կը փորձէ լուծել: Հիմնական հարցերէն մէկը այն է, որ նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան, որմէ կ'որոշուի, թէ երկու տարի յետոյ նախագահական ընտրութիւններուն հանրապետականները կը յաղթեն, թէ՞ դեմոկրատները: Հիմա անոնց այսպիսի մեծ աղմուկ մը պէտք էր ներքաղաքական ինչ որ խնդիրներ լուծելու համար: Սկսեալ անկէ, որ աշխարհային մեծ պատերազմ կրնար ըլլալ, իսկ Պայտըն զայն կանգնեցուց եւ ինք մեծ խաղաղարար է:

Ըստ ինծի պատճառներէն մէկը, կրնայ նաեւ տնտեսական ըլլալ: Ուքրանիայէն դուրս հանուած է 12,5 միլիառ տոլարէն աւելի, սակաւապետները կը փախչին, Ռատայի նիստ չեն կրնար գումարել: Նոյնիսկ նախագահը կոչ ըրած է, որ արգիլեն պատգմաւորներու դուրս ելլելու հնարաւորութիւնը: Այս ամբողջ հիսթերիայի ֆոնին Միացեալ Նահանգներէն նաւթի ու կազի արտահանման ծաւալները մեծցած են եւ կը մեծնան: Այսինքն Միացեալ Նահանգները շուկաներ կը նուաճէ:

Յաջորդը, Եւրոպայի մէջ նոյնպէս հետաքրքիր գործընթացներ կ'ընթանան, Ֆրանսա ընտրութիւններ կը սպասուին, Գերմանիա աւելի կ'աշխուժանան ազգայնականները, եւ այս պատերազմի հիսթերիան կ'ուժեղացնէ այն ուժերը, որոնք կողմ են, որ Միացեալ Նահանգներու հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններ կնքեն, քան Ռուսաստանի հետ:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Ռուսաստանին, ան կ'ուզէ, որ Ուքրանիան կատարէ Մինսքի պայմանաւորուածութիւնները, այսինքն Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ ընէ, ճանչնայ Տոնպասի ինքնավարութիւնը եւ համաներում յայտարարէ: Այդպիսով Ռուսաստանի Դաշնութիւնը կը մեծցնէ իր ազդեցութիւնը Ուքրանիոյ մէջ: Ռուսաստանի պահանջները Ամերիկան, ըստ էութեան, կը կատարէ: Որոշակի զինատեսակներու եւ ՀՈՊ միջոցներու տեղադրումէն հրաժարուիլն է Ուքրանիոյ, նաեւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ: Ամերիկացիները յայտարարեցին, որ պատրաստ են այդ հարցերը քննարկել: Իսկ այն հիմնական հարցերը, որ Մոկսուան առաջ կը մղէր, որ պէտք է յայտարարեն, որ Ուքրանիան պիտի չմտնէ ՆԱԹՕ, ըստ էութեան, երկրորդական են:

Միւս կողմէ Ուքրանիոյ մէջ արդէն յայտարարութիւններ կ'ընեն, որ պատրաստ են կատարել Մինսքի պայմանաւորուածութիւնները: Ուքրանիոյ մէջ, ըստ էութեան, խուճապ է, խոշոր ներդրումային ծրագիրներ կանգ առնուած են, օդը փակուած է, դեսպանատուները արդէն Լվով կը փոխադրուին: Այստեղ հարց կ'առաջանայ, թէ այդ ինչու կը կատարուի: Ուքրանական հասարակութեան մէջ տեսակէտներ կան, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ մեծ խաղ կ'ընթանայ, եւ իրենք զոհի դեր ստացած են: Այդ առումով գուցէ շատերու մօտ մտածողութեան փոփոխութիւն տեղի ունենայ, եւ հասկնան, որ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ չկան բարեկամներ ու թշնամիներ: Այսպէս կոչուած թշնամիներն ու բարեկամները կրնան իրար հետ պայմանաւորուիլ, եթէ ուժեղ են, եւ ատիկա թոյլ երկիրներու հաշւոյն կ'ըլլայ: Ուքրանիոյ մէջ այդ փոփոխութիւնը տեղի կ'ունենայ:

Ուքրանիա այն մտածողութիւնը կար, որ իրենք եւրոպացի են եւ ԵՄ պիտի ընդունուին, ՆԱԹՕ պիտի ընդունուին, եւ անոր համար իրենք պէտք է Ռուսաստանի Դաշնութեան դէմ խաղան, որու համար իրենց ճակատը պիտի համբուրեն եւ ամէն ինչ պիտի տան: Կեանքը ցոյց կու տայ, որ ԵՄ եւ ՆԱԹՕ պիտի չընդունին զիրենք եւ իրենց հաշւոյն պիտի պայմանաւորուին իրենց յայտարարած թշնամիին՝ Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ, որովհետեւ Ռուսաստան աւելի ուժեղ է եւ լուրջ խաղացող: Եթէ իրենք հասկնան եւ դառնան չէզոք երկիր, ինչպէս Ֆինլատան, Զուիցերիան, բոլոր կողմերէն օգտուիլ եւ դառնալ արգելակ երկիր, անկէ կարելի է օգտուիլ: