Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց շաբաթ օր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին կոչ ըրած է կատարելու Ուքրանիոյ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման առաջին քայլը, տեղեկացուցած է Reuters։
«Ան պէտք է դուրս հանէ զօրքերը»,- ըսած է Շոլց Նութեթալ (Պրանտընպուրկի երկրամաս) կատարած այցի ժամանակ։
Սակայն ներկայիս չկայ այդ իրականացնելու որեւէ նշան, ըսած է Շոլց՝ ի պատասխան այն հարցին, թէ արդեօք հնարաւոր են խաղաղ բանակցութիւնները։
Շոլցի խօսքով՝ Փութին պէտք չէ հասնի հարեւան երկրէն մէկ մաս կցելու։
Գերմանիոյ վարչապետը անգամ մը եւս հաւաստիացուցած է, որ Գերմանիան օգնութիւն պիտի ցուցաբերէ «ռուսական ներխուժումէն Ուքրանիան պաշտպանելու հարցին այնքան ժամանակ, քանի դեռ այդ անհրաժեշտ է»։