image

Ուքրանիոյ տագնապ. Անյայտ կորսուած է լիբանանցիներու ընտանիք մը

 Ուքրանիոյ տագնապ. Անյայտ  կորսուած է լիբանանցիներու ընտանիք մը

Ուքրանիոյ պատերազմի ֆոնին, վերջերս ընկերային հարթակներով ու լիբանանեան լրատուամիջոցներով տարածուած է լուր, այն մասին, թէ կապը կտրուած է ուքրանական քաղաքացիութիւն կրող լիբանանցի ընտանիքի մը հետ: Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Sky news arabia կայքէն: 

Ըստ աղբիւրին, պաշտօնապէս տեղեկացուած է կապի կորուստի մասին երիտասարդ Մուհամմատ Ֆախուրիի հետ, որ իր մօր եւ մեծ մօր հետ կ'ապրի: Նշուած է, որ Մուհամմատ հարաւային Լիբանանի Սայտա քաղաքէն է, ան լիբանանցի հօր եւ ուքրանացի մօր զաւակ է եւ կը կրէ ուքրանական քաղաքացիութիւն:

Աղբիւրը նշած է նաեւ, թէ Ֆախուրիի ազգականներէն մէկուն հետ զրոյցի ընթացքին, վերջինս պատմած է, որ կորսնցուցած է կապը անոր հետ։  Հարցական կը մնայ, որ  արմատներով Լիբանանցի  երիտասարդը  կարողացած է՞ դուրս գալ Իրպին քաղաքէն։Մուհամմատ Ֆախուրին վերջին անգամ իր գտնուած վայրին մասին գրած է  անցեալ Հինգշաբթի գիշեր,  ռուսական ուժերու Իրպին մուտք գործելէն ետք։

Ի դէպ Ֆախուրիի հարազատները ընկերային հարթակներով խնդրած են եթէ որեւէ մէկը ինչ որ տեղեկութիւն ունի անպայման տեղեկացնէ իրենց ու հրապարակած են լիբանանեան հեռախօսի համար։

Իր հերթին Ուքրանիոյ մօտ Լիբանանի դեսպան՝ Ալի Տահէր ըսած է թէ Մուհամմատի հօրմէն ստացած են պէտք եղած տեղեկութիւնները, եւ կապուած Ուքրանիոյ  իշխանութիւններուն հետ հետապնդելու այս խնդիրը: «Լիբանանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը տեւական կապի մէջ է ուքրանական իշխանութիւններուն հետ դեսպանատան միջոցաւ եւ մինչեւ հիմա որեւէ տեղեկութիւն չկայ Ֆախուրիի ընտանիքին մասին»:

Յիշեցնենք, որ պատերազմի հետեւանքով Ուքրանիա ուսանող շատ մը լիբանանցիներ վերադարձած են Պէյրութ, մինչդեռ ուրիշներ տակաւին այնտեղ են  ապահով  ճանապարհներու չգոյութեան  պատճառով: