image

Ուքրանիոյ պատերզամի ֆոնին. Հնդկաստան նոր կարեւոր դեր կրնայ ստանձնել

Ուքրանիոյ պատերզամի ֆոնին. Հնդկաստան   նոր  կարեւոր  դեր կրնայ ստանձնել

Այն օրէն երբ սկսաւ Ռուսաստանի յատուկ գործողութիւնը Ուքրանիոյ մէջ, աշխարհը սպասումի մէջ է, թէ մեծ տէրութիւնները ինչպէս պիտի արձագանգեն: Այդ մեծ տէրութիւններէն է նաեւ Հնդկաստանը:

  Օրերս այս թեմային  անդրադարձած է «Ալ Մայատին»  կայքէջը,  եւ յօդուածին հիմնական մասերը  «Արեւելք»  թարգմանաբար  կը ներկայացնէ իր ընթերցողներու  ուշադրութեան։ 

Յօդուածը  կը նշէ, թէ Ուքրանիոյ պատերազմի առաջին օրերէն իսկ Հնդկաստան կը փորձէ հաւասարակշռել իր կապերը Մոսկուայի եւ Արեւմուտքի հետ: ՄԱԿ-ի Ապահովական Խորհուրդի  ժողովին, Հնդկաստան ափսոսանք արտայայտած է, որ Միջազգային հանրութիւնը չկրցաւ դիւանագիտական ձեւերով հարցին լուծում տալ: Ան ձեռնպահ մնացած էր  ՄԱԿ-ի որոշումին, որ կը դատապարտէր Ռուսաստանը Տոնպասի մէջ կատարած ռազմական գործողութեանց համար:  

Յօդուածը անդրադարձած է նաեւ  Հնդկաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ կնքուած կարգ մը գործընկերութեան համաձայնագիրներուն: 2000-ին, երկու երկիրները ստորագրած են «Հնդկաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան» հռչակագիր, որմէ ետք  երկկողմանի  յարաբերութիւնները նոր մակարդակներ նուաճած են զանազան ոլորտներու մէջ,  ինչպէս՝ քաղաքականութիւն, անվտանգութիւն, պաշտպանութիւն, առեւտուր, տնտեսութիւն, գիտութիւն, ճարտարագիտութիւն ու մշակոյթ, ինչպէս նաեւ տիեզերքի եւ խաղաղ կորիզային գործունէութեան վերաբերեալ համագործակցութիւն:

Ինչ կը վերաբերի Հնդկաստան-Ռուսաստան պաշտպանութեան ոլորտի յարաբերութիւններուն, Ռուսաստան կը համարուի  այդ  երկրին  ամենամեծ զէնք մատարարակողը։ Այս հանգամանքը չէ փոխուած,  նոյնիսկ այն բանէն ետք, երբ Հնդկաստան յայտարարեց թէ կ'ուզէ նաեւ տարբեր երկիրներէ զէնք գնել, նաեւ խթանել իր ներքին արտադրութիւնը, եւ որուն պատճառաւ ալ Ռուսաստանի բաժինը նուազեցաւ 70% էն մինչեւ 49%-ի:

Ըստ Ռուսական «Նովոսթի» գործակալութեան հրապարակած տեղեկութիւններուն՝ Հնդկաստանի ռազմածովային ուժերը  80%-ով համալրուած են ռուսական արտադրութեան ռազմազրահով, իսկ ռազմաօդային ուժերը 70%-ով: Նաեւ երկու երկիրներու ռազմական համագործակցութեան ժամանակաշրջանին Ռուսաստան մատակարարած է ռազմատեսականի  աւելի քան 65 միլիառ տոլարի արժողութեամբ։

Ի դէպ, Դեկտեմբեր ամսուն Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին այցելեց Հնդկաստան եւ հանդիպեցաւ իր գործընկերոջ՝ Նարենտրա Մոտիին հետ:  Ստորագրուեցան կարգ մը  համաձայնագրեր, մանաւանդ  ռազմական ոլորտի մէջ: 

Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ Փութին-Մոտի գագաթնաժողովի ժամանակ ռուս-հնդկական յայտարարութեամբ ըսուած էր, որ «Ռուսաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ ռազմական համագործակցութիւնը ակնառու ռազմավարական գործընկերութեան հիմնաքարն է»: 

Իսկ տնտեսական յարաբերութիւններու առումով առեւտրական եւ տնտեսական համագործակցութիւնը Հնդկաստանի եւ Ռուսաստնի միջեւ կը համարուի առաջնահերթութիւն:  Երկու երկիրներու հետապնդած նպատակներն են՝ մինչեւ 2025 թուական, աւելցնել երկկողմանի ներդրումները հասցընելով 50 միլիառ տոլարի, եւ երկկողմանի առեւտուրը՝ 30 միլիառ տոլարի: 

Հնդկաստանի տուեալներով՝ երկկողմանի առեւտուրը 2020-2021–ին կազմած է 8,1 միլիառ տոլար։ Հնդկաստանի արտածումը կազմած է 2,6 միլիառ տոլար, իսկ Ռուսաստանէն ներմուծումը` 5,48 միլիառ տոլար։ Նոյն ժամանակաշրջանի համար, ռուսական տուեալներով, երկկողմանի առեւտուրը կազմած է 9,31 միլիառ տոլար, հնդկական արտածումը կազմած է 3,48 միլիառ տոլար, իսկ ներմուծումը` 5,83 միլիառ տոլար։

Իր հերթին, Ռուսաստանի մօտ Հնդկաստանի դեսպանատունը յայտարարած է, թէ Փութինի  Հնդկաստան վերջին այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած է հնդկական-ռուսական 20-րդ տարեկան գագաթնաժողովը, որու ընթացքին ստորագրուած է 50 համաձայնագիր, որմէ 35-ը տնտեսական եւ առեւտրային հարցերու կապակցութեամբ է։

Աղբիւրը նշած է թէ, Հնդկաստանէն արտահանուող հիմնական ապրանքներէն են՝ էլեկտրական գործիքներ, դեղագործական արտադրանք, երկաթ, պողպատ, հագուստ, թէյ, սուրճ եւ այլն: Իսկ Ռուսաստանէն ներմուծուող հիմնական ապրանքներէն են՝ պաշտպանական համակարգեր, թանկարժեք քարեր, կորիզային ուժանիւթի սարքաւորումներ, պարարտանիւթեր եւ այլն:  

Հնդկաստանի մէջ Ռուսաստանի հիմնական երկկողմանի ներդրումներն են նաւթի, կազի, նաւթաքիմիական, դրամատնային, երկաթուղագիծի եւ պողպատի ոլորտներու մէջ: Մինչդեռ հնդկական ներդրումները Ռուսաստանի մէջ հիմնականին կեդրոնացած են նաւթի, կազի, ադամանդի եւ դեղագործութեան ոլորտներուն վրայ:

Հնդկական  «Mint» պարբերականին  համաձայն, որ կը զբաղի ֆինանսական եւ տնտեսական լուրերով, «Հնդկաստան մտադիր է մօտ ապագային ձեռնարկել կարգ մը քայլերու դառնալու ցորենի աշխարհի ամէնէն մեծ արտահանողներէն մէկը: Ան կ'ուզէ օգտուիլ ցորենի համաշխարհային շուկային մէջ տիրող իրավիճակէն, ինչպէս նաեւ  ներմուծողներու միջեւ բուռն մրցակցութենէն, եւ Ռուսաստանի ու Ուքրանիոյ ռազմական հակամարտութենէ, որոնք ցորենի ամենամեծ արտահանողներէն են աշխարհի»։

Ռուսաստանի նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրառման ֆոնին,  եւրոպական ընկրերութիւններ Ռուսաստանի մէջ իրենց գործունէութիւնը առկախելու, դադրեցնելու կամ ռուսական շուկայէն դուրս ելլելու ի պատասխան,  Հնդկաստան պատրաստակամութիւն յայտնած է փոխարինել Ռուսաստանէն հեռացող արեւմտեան ընկերութիւնները, ներառեալ դեղագործական ընկերութիւնները:

Միւս կողմէ նաւթի Պետական ընկերութիւնը Ռուսաստանէն գնած է 3 միլիոն տակառ հում նաւթ ապահովելու իր ուժանիւթային կարիքները: Եւ ըստ հնդկական լրատուամիջոցներու՝ Ռուսաստան նաւթի գնման համար զեղչ առաջարկած է համաշխարհային սակէն 20% ցած։

Իսկ «Times of India» թերթը նշած է, որ «ռուսական կողմը պիտի ստանձնէ նաւթը Հնդկաստան առաքելու պատասխանատուութիւնը ապահովելով, որ հնդիկ ներմուծողները շրջանցեն Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցները», ապա աւելցուցած «այս գործարքը ցոյց կու տայ, թէ Հնդկաստան դռները չէ փակած իր հին դաշնակից՝ Ռուսաստանի հետ առեւտուրին առջեւ»: