image

Ուքրանիոյ պատերազմ. 5 Կանխատեսում ըստ The Guardian-ին

Ուքրանիոյ պատերազմ. 5 Կանխատեսում ըստ The Guardian-ին

Բրիտանական The Guardian թերթի լրագրող Տեն Սապպաղ ներկայացուցած է յառաջիկայ վեց ամսուան ընթացքին Ուքրանիոյ հակամարտութեան զարգացման հինգ հնարաւոր սենար։

Առաջին կանխատեսումն այն է, որ հակամարտութիւնը պիտի ձգձգուի եւս մէկ տարի, բայց պիտի չըլլայ այնքան թէժ, որքան գարնան էր։ Միեւնոյն ժամանակ, Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ բանակցութիւններ տեղի պիտի չունենան յառաջիկայ վեց ամիսներուն։

Երկրորդի համաձայն՝ Ուքրանիան զերծ պիտի մնայ հակայարձակումներէ եւ անցում պիտի կատարէ պարտիզանական գրոհներու, ինչպէս նաեւ հեռահար հրթիռային համակարգերով հարուածելու մարտավարութեան։

Երրորդ կանխատեսմամբ՝ Ռուսիա պիտի շարունակէ յարձակումը, սակայն անոր նպատակը պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ արդէն գրաւած տարածքները պահելը։

Չորրորդ տարբերակը կը յուշէ, որ փախստականներու ճգնաժամը ձմրան սկիզբի հետ մէկտեղ լրացուցիչ հնարաւորութիւններ պիտի տայ անոր, որ կը կարենայ աւելի լաւ պատրաստուիլ ձմրան։ Բացի այդ, Մոսկուան ձմրան սկիզբը կը դիտարկէ որպէս Քիեւի հետ սեփական պայմաններով խաղաղութիւն հաստատելու հնարաւորութիւն, ըսուած է յօդուածին մէջ։

Հինգերորդ կանխատեսմամբ՝ Արեւմուտքը պէտք է որոշէ՝ կ'ուզէ, որ Ուքրանիան յաղթէ՞, թէ՞ պարզապէս դիմանայ, քանի որ առանց Արեւմուտքի ռազմական օգնութեան Քիեւ պիտի ձախողէր։ Ընդ որում, Ուքրանիան ունի ամսական հինգ միլիառ տոլարի պիւտճէի պակաս, եւ եւրոպացիներու հետագայ օգնութիւնը շատ աւելի թանկ պիտի արժէ։ Հարցը, ըստ հեղինակի, այն է, թէ արեւմտեան երկիրները պատրա՞ստ են այդ զոհողութիւններուն։

Ռուսիա 24 փետրուարէն ռազմական յատուկ գործողութիւն կ'իրականացնէ Ուքրանիոյ մէջ։ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի խօսքով՝ վերջնական նպատակը Տոնպասի ազատագրումն է եւ պայմաններու ստեղծումը, որոնք կ'երաշխաւորեն Ռուսիոյ անվտանգութիւնը։ Այժմ ռուսական զօրքերու վերահսկողութեան տակ կը գտնուին ինքնահռչակ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւնը եւ Տոնեցքի զգալի մասը՝ ներառեալ Վոլնովախան, Մարիուփոլը եւ Սվիաթոկորսքը։  Արեւմուտքը, ի պատասխան ռուսական ներխուժման,  բազմամիլիառանոց օգնութիւն տրամադրած է Քիեւին ու խիստ պատժամիջոցներ սահմանած ընդդէմ Մոսկուայի: