Ուքրանիոյ մէջ Վրաստանի դեսպան Կիորկի Զաքարաշվիլին հեռացած է Քիեւէն։ Այս մասին interpressnews.ge-ին յայտնած են Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Դեսպանը ստիպուած եղած է լքել Ուքրանիոյ մայրաքաղաքը նախագահ Զելենսքիի որոշմամբ։ 3 Յուլիսին Զելենսքին յանձնարարած էր արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչել Ուքրանիոյ մէջ Վրաստանի դեսպանը՝ ներկայացնելու Քիեւի խիստ դժգոհութիւնը։ Նախագահը նաեւ պահանջած էր, որ դեսպանը 48 ժամուան ընթացքին մեկնի Թիֆլիս խորհրդակցութիւններու, կառավարութեան հետ քննարկէ նաեւ բանտարկուած Միխաիլ Սաակաշվիլին բուժման համար Ուքրանիա ուղարկելու՝ պաշտօնական Քիեւի պահանջը:
Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է, որ չի պատրաստուիր խորհրդակցութիւններ կայացնել Ուքրանիոյ մէջ իր դեսպանի հետ:
Աւելի վաղ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ Զելենսքիի որոշումը զգալի վնաս կը հասցնէ երկու երկրի ռազմավարական յարաբերութիւններուն եւ ուղղակի միջամտութիւն է ինքնիշխան պետութեան ներքին գործերուն։ Վրացական կողմը նշած է՝ քանի որ Ուքրանիան կը գտնուի պատերազմի աշխուժ փուլի մէջ, Թիֆլիսը պիտի չարձագանգէ ուքրանական կողմի քայլերուն՝ աւելի չսրելու համար արդէն եղած ծանր իրավիճակը: