Քիեւը եւ Ուաշինկթընը համաձայնագիր ստորագրած են օգտակար հանածոներու համատեղ արդիւնահանման եւ Ուքրանիոյ վերականգնման համար ներդրումային հիմնադրամի ստեղծման մասին, հաղորդած է Միացեալ Նահանգներու ֆինանսներու նախարարութիւնը։ Այս մասին գրած է bbc.com-ը:
Միացեալ Նահանգներու ֆինանսներու նախարարութեան կայքին մէջ հրապարակուած մամուլի հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ համաձայնագիրը կնքուած է «ի նշան այն զգալի ֆինանսական եւ նիւթական աջակցութեան, որ ամերիկեան ժողովուրդը ցուցաբերած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան համար Ռուսիոյ լայնածաւալ ներխուժման սկիզբէն ի վեր»:
«Այս տնտեսական համագործակցութիւնը թոյլ կու տայ երկու երկիրներուն աշխատիլ միասին՝ ապահովելու, որ մեր ընդհանուր աւանդները, տաղանդները եւ կարողութիւնները արագացնեն Ուքրանիոյ տնտեսական վերականգնումը», -ըսուած է Միացեալ Նահանգներու ֆինանսներու նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Միեւնոյն ժամանակ, Միացեալ Նահանգներու ֆինանսներու նախարարութիւնը պարզաբանած է, որ կողմերը պիտի աշխատին «վերջնական հաստատման վրայ, թէ ինչպէս պիտի կառավարուի ծրագիրը եւ զարգանայ այս կարեւոր գործընկերութիւնը»։
«Ինչպէս նախագահն ըսած է, Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ է այս դաժան եւ անիմաստ պատերազմին վերջ տալուն: Այս համաձայնագիրը յստակ ազդանշան կ՚ուղարկէ Ռուսիոյ, որ Թրամփի վարչակազմը հաւատարիմ է խաղաղ գործընթացին, որու կեդրոնը երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ պիտի ըլլայ ազատ, ինքնիշխան եւ բարգաւաճ Ուքրանիան»,- ըսած է ֆինանսներու նախարար Սքոթ Պեսենթը։
Փաստաթուղթի ստորագրման մասին յայտարարած է նաեւ Ուաշինկթըն գտնուող Ուքրանիոյ տնտեսութեան նախարար Եուլիա Սվիրիտենքոն։
«Միացեալ Նահանգներու ֆինանսներու նախարար Սքոթ Պեսենթի հետ ստորագրեր եմ համաձայնագիր՝ ստեղծելու Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա վերականգնման ներդրումային հիմնադրամ: Շնորհակալութիւն նախագահներուն իրենց առաջնորդութեան համար: Շնորհակալութիւն բոլորին, որոնք աշխատեր են համաձայնագրի համար եւ այն աւելի իմաստալից դարձուցեր: Այժմ փաստաթուղթը կրնայ յաջողութիւն ապահովել մեր երկու երկիրներու համար»,- գրած է ան դիմատետրի իր էջին:
Ան աւելցուցած է, որ համաձայնագիրը պէտք է վավերացուի Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռատայի կողմէ։