Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ առաջնորդները հեռախօսազրոյցով քննարկած են Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, կոչ ընելով Ռուսաստանին՝ նուազեցնելու լարուածութեան մակարդակը։ Այս մասին կ'ըսուի Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընի գրասենեակի տարածած հաղորդագրութեան մէջ, որ հրապարակուած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, Գերմանիոյ վարչապետի պաշտօնակատար Անկելա Մերքելի եւ Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Տրակիի հետ հեռախօսազրոյցէն յետոյ։
«Առաջնորդները կոչ ըրած են Ռուսաստանին՝ նուազեցնելու լարուածութեան մակարդակը եւ հաստատած են, որ վճռականօրէն կ'աջակցին Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
«Վարչապետը ըսած է, որ Մեծն Բրիտանիան պիտի շարունակէ օգտագործել իր տրամադրության տակ եղած տնտեսական եւ դիւանագիտական բոլոր գործիքները՝ կանխելու Ռուսաստանի որեւէ յարձակում Ուքրանիոյ դէմ», կը հաղորդէ Պորիս Ճոնսընի գրասենեակը։