image

Ուքրանիոյ՝ ԵՄ-ին անդամակցելու հարցը միայն պատերազմէն ետք

Ուքրանիոյ՝ ԵՄ-ին անդամակցելու հարցը միայն պատերազմէն ետք

Եւրոմիութեան անդամակցելու համար Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութիւնները պէտք է աւարտին, յայտնած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան եւրոպական հարցերով նախարար Քլեման Պոնը: Անոր խօսքով` Ուքրանիոյ անդամակցութեան պայմանները պէտք է քննարկուին միայն պատերազմի աւարտէն յետոյ:

Նախօրէին Եւրոյանձնաժողովը նախնական քննարկում կատարած էր Ուքրանիքոյ, Մոլտովայի եւ Վրաստանի` ԵՄ-ին անդամակցելու թեկնածուի կարգավիճակ տրամադրելու դիմումներուն վերաբերեալ: Լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններով` Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի յայտերը պիտի հաստատուին որոշակի պայմաններով:

Կը սպասուի, որ Եւրոյանձնաժողովը երկիրներու յայտերուն վերաբերեալ որոշում կայացնէ Յունիս 17-ին: Սակայն ԵՄ առաջնորդները այդ հարցը պիտի քննարկեն յաջորդ շաբաթ: