Միացեալ Նահանգները Ուքրանիոյ պիտի տրամադրէ 2023 թուականի համար ծրագրուած ռազմական օգնութեան վերջին փաթեթը՝ 250 միլիոն տոլարի չափով։
Այն կը ներառէ զինամթերք NASAMS եւ HIMARS հրթիռային համկարգերու համար, հրետանային արկեր, Stinger, ինչպէս նաեւ հակաթանկային հրթիռներ։
Փենթակոնի մամուլի ծառայութեան հաղորդման համաձայն, Ուքրանիան պիտի ստանայ նաեւ 15 միլիոն փամփուշտներ, խոչընդոտներ յաղթահարելու պայթուցիկներ, օժանդակ սարքաւորումներ, դեղամիջոց եւ բժշկական պարագաներ։
Սպիտակ տան առաջարկած Ուքրանիոյ 60 միլիառ տոլարի ռազմական օգնութեան նոր փաթեթը դեռ հաստատուած չէ հանրապետական քոնկրեսականներու պատճառով։