image

Ուքրանիան ԱԹՍ-ներով ենթակառուցուածքներ թիրախաւորած է Ռուսիոյ մէջ

Ուքրանիան ԱԹՍ-ներով ենթակառուցուածքներ թիրախաւորած է Ռուսիոյ մէջ

Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ կիրակի լոյս երկուշաբթիի գիշերը ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը խոցած են ուքրանական 22 անօդաչու թռչող սարք։

Լիփեցքի շրջանի նահանգապետ Իկոր Արթամոնովը Telegram-ի ալիքին յայտնած է, որ անօդաչու թռչող սարք ինկած է Սթանովլեանսքի մունիցիփալ շրջանի ելեկտրական ենթակայանի տարածքին մէջ։ Վթարի վայրի մէջ կ՚աշխատին իրաւապահները։ Ելեկտրական ենթակայանի աշխատանքը չէ խաթարուած։

Քուրսքի նահանգի Սուճա քաղաքին մէջ անօդաչու թռչող սարքի յարձակումէն ետք հրդեհ բռնկած է հեռուստաաշտարակի մէջ, խոցուած է նաեւ փակ քաղաքային պենզալցակայանը։ Շրջանին մէջ գործող ոչ մէկ պենզալցակայան մնացած է։