image

Ուաշինկթընէն պատգամ ՝ «Կարեւորը Արցախի բնակչութեան անվտանգութեան ապահովումն է»

Ուաշինկթընէն պատգամ ՝ «Կարեւորը Արցախի բնակչութեան անվտանգութեան ապահովումն է»

Ուաշինկթըն Պաքուէն ու Երեւանէն խնդրած է քննել, թէ ինչպէս կարելի է լաւագոյնս պաշտպանել Արցախի բնակչութեան իրաւունքները եւ ապահովութիւնը։ Այս մասին յայտնած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն՝ պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին, թէ արդեօք Ուաշինկթընի մէջ ընթացող հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն մէջ Արցախին վերաբերող հարցեր պիտի քննարկուի՞ն։

Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը շեշտած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներուն եւ ապահովութեան հարցը առանցքային է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան մէջ։  «Շատ մեծաթիւ կեանքեր խլած եւ շատ երկար տեւող հակամարտութեան տեւական լուծում գտնելու միակ ուղին այն է, որ վերջապէս մարդիկ իրենց տուներուն մէջ ապահով զգան եւ անոնց իրաւունքները պաշտպանուած ըլլան», փոխանցեցին նախարարութենէն՝ աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգները կ՛աջակցի «երկարատեւ, կայուն համաձայնութեան, որ խաղաղութեան հիմք կրնայ դնել»։

Ուաշինկթըն նոյն ատեն ընդգծած է, որ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համաձայնութեան ծիրը, բնոյթը եւ բովանդակութիւնը պէտք է կողմերը որոշեն: «Ուաշինկթըն պատիւ ունի հիւրընկալելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները, մինչ անոնք կ՛աշխատին խաղաղութեան ուղղութեամբ։ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ յանձնառու մնալ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ ապագան յառաջ մղելու նպատակին։ Կողմերու ուղիղ երկխօսութիւնը երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու եւ հարցերը լուծելու բանալին է։

Յարաբերութիւնները կարգաւորելու համաձայնութեան ծիրը եւ բնոյթը կողմերու գործն է։ Մեր նպատակն է՝ տրամադրել տարածք, ուր պիտի կատարուին երկկողմ քննարկումներ, եւ կողմերը միասնաբար պիտի կատարեն իրապէս դժուար աշխատանք՝ երկարատեւ խաղաղութեան ուղղութեամբ յառաջընթաց արձանագրելու համար։ Համաձայնութեան մէջ ի՛նչ կրնայ տեղ գտնել, եւ ինչը՝ ոչ, կողմերուն վերաբերող հարց է», յայտնած է նախարարութիւնը։