image

Ուաշինկթընէն կոչ՝ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին

Ուաշինկթընէն կոչ՝ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը կոչ ըրած է Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին պահպանելու հրադադարի վերաբերեալ իրենց պարտաւորութիւնները եւ անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու լարուածութեան թուլացման ուղղութեամբ:

«Միացեալ Նահանգները կոչ կ'ընէ հնարաւորինս շուտ վերադառնալու բովանդակային բանակցութիւններուն ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիի ներքոյ՝ հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման հասնելու համար»,-ըսուած է «Արմէնփրէս»-ի հարցումին ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան տրամադրած պատասխանով: 

Շարունակուող լարուածութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին, ըստ Ուաշինկթընին, կ'ընդգծէ այն փաստը, որ բոլոր չլուծուած հարցերու համապարփակ կարգաւորումը միայն կրնայ կարգաւորել երկու երկիրներու յարաբերութիւնները եւ հնարաւորութիւն տալ տարածաշրջանի ժողովուրդին իրար հետ խաղաղ ապրելու: