image

«Ոսկեայ ձեռքերով մարդը». Ոչ եւս է Սարգիս Մանուկեանը (Լուսանկարներ)

   «Ոսկեայ ձեռքերով մարդը». Ոչ  եւս է Սարգիս Մանուկեանը (Լուսանկարներ)

Լիբանանեան ոսկեդարուն մասին տարբեր առիթներով խօսուած է։ Խօսուած է յաճախ թաքուն կերպով, մերթ հրապարակայնօրէն ու մերթ ալ «բարի նախանձ»ով։ Այդ տարիներուն էր նաեւ, որ լիբանանահայութիւնը կ՚ապրէր իր ամենապայծառ ժամանակները ու ատոր զուգահեռ ալ կ՚ունենար թուաքանակի հրաշալի աճ։

 Ամենատարբեր բնագաւառներուն մէջ լիբանանահայ կ՚ունենային փայլուն ներդրում ու շնորհիւ իրենց ճարտար ձեռքերուն կը դառնային ոսկեայ օղակ մը համալիբանանեան մեծ պրիսմակին ներքոյ։  Օրինակ, եթէ մարդիկ կարիքն ունենային լաւ վարպետներու եւ այս ամենատարբեր ոլորտներուն մէջ անպայմանօրէն կը դիմէին հայ վարպետներու։

Այդ վարպետներէն էր Սարգիս Մանուկեանը (Ծն. 1933-ին՝ Պէյրութ), որ միայն օրեր առաջ հեռացաւ մեզմէ տխրութեան ցոլք մը տալով մանաւանդ անոնց սրտերուն մէջ, որոնք ճանչցած կամ գործ ունեցած էին անոր հետ։

Տորա շրջանի իր փոքրիկ խանութի պատուհանէն բոլորին կողմէ յարգուած Պարոն Սարգիսը (զինք նաեւ այդպէս կը կոչէին արաբ լուսանկարիչները) դարձած էր իրաւատէր հասցէն լուսանկարչական սարքերու նորոգութեան։

 Եւ իրաւամբ ամէնադժուար գործիքները, գամէրաները կամ այդ գամերաներու յարակից մասերը կը դառնային նոր, կը նորոգուէին ու կը ստանային նոր կեանք շնորհիւ մեր հայրենակիցի ձեռքերու հմտութեան։

 

 Գուցէ «կանաչ ձեռքեր» ունէր ան ու այդ ձեռքերուն համար եւ շնորհիւ Լիբանանի ամենահեռաւոր շրջաններու լուսանկարիչները կը փութային հասնիլ իր մօտ լուծելու համար իրենց խնդիրները։

 

 Համեստ, պարզ ու լռակեաց այս մարդը միեւնոյն ժամանակ խստաբարոյ անհատականութիւն էր։ 

 Գերմանցիներու ճշգրտութեամբ եւ հայու մաքրութեամբ օժտուած պարոն Սարգիսը, որ երկար տարիներ եղած էր այդ ոլորտի վարպետը, ժամանակ մըն ալ եղած էր «Քոտաք» նկարարտադրման ընկերութեան գլխաւոր վերակացուն ու պատասխանատուն։

 Շնորհիւ իր տաղանդին, ան կարողացած էր ստեղծել մեծ շրջանակ եւ իր արհեստի ոլորտին մէջ դառնալ անմրցելի եւ իսկական վարպետ մը։

 Այստեղ տեղին է նշել նաեւ, որ իր անհատական կեանքին մէջ պարոն Սարգիսը կարեւոր տեղ յատկացուցած էր ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին ու դարձած եռանդուն մարզիկ եւ սիրուած ֆութպոլիստ մը այդպիսով ալ սատարելով ազգային եւ մարզական այդ մեծ միութեան նուիրեալ անդամներէն մին։

Յիշեցնենք, որ շուրջ տաս օրեր առաջ մահացած Սարգիս Մանուկեանի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը կատարուած են Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ուրկէ ալ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուած է Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզմանատուն։

 Այս տխուր առթիւ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի պարագաներուն եւ մասնաւորապէս անոր կրտսեր որդիին, մեր թերթի լաւ բարեկամ՝ Տիար Կարէն Մանուկեանին։

 Նշենք, որ հանգուցեալի երկու գունաւոր նկարները կը պատկանին արմատներով լիբանանահայ եւ երկար տարիներէ ի վեր Միացեալ Նահանգներ հաստատուած տաղանդաւոր արուեստագէտ եւ բեմադրիչ ՝ Արա Մածունեանին։