ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստի ժամանակ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ըսած է. «Այս պահի դրութեամբ կիրակնօրեայ բանակցութիւններու համար Պրիւսէլ մեկնելու իմ որոշումը չեմ փոխել»։
Ան շարունակած է ըսելով, թէ կը կռահէ, որ յառաջիկային որոշ ուժեր կրնան «փոթորկիլ» եթէ Պրիւքսէլ մեկնի։
Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու հաւանականութեան մասին Փաշինեան նշած է․«Ցաւօք, նման հնարաւորութիւնը շատ փոքր է, որովհետեւ խաղաղութեան ու միջպետական յարաբերութիւնների հաստատման մասին երկկողմ համաձայնագրի նախագիծը դեռ շատ նախնական տեսք ունի, եւ դեռ վաղ է այն ստորագրելու մասին խօսել։ Միւս կողմից խնդիր ունենք հնարաւորինս արագ հասունացնել այդ փաստաթուղթը եւ այն պատրաստել ստորագրման»։