image

Որ պարագային ռուսերը կը պատերազմին թուրքերուն դէմ

Որ պարագային ռուսերը կը պատերազմին թուրքերուն դէմ
Թուրքիան իր սովորական քաղաքականութիւնը կը վարէ: Այս քաղաքականութիւնը կը կոչուի փանթուրքիզմ, փանիսլամիզմ եւ նախկին ԽՍՀՄ տարածքին մէջ թրքական ազդեցութեան տարածման փորձ, ուր կայ/կար թրքական բնակչութիւն: Այս մասին 24 Օգոստոսին NEWS.am-ի թղթակցի հետ հարցազրոյցի ժամանակ յայտնած է Մերձաւոր Արեւելքի հիմնարկի նախագահ Եւգենի Սաթանովսկին: «Ղրիմը, որ ժամանակին Օսմանեան կայսրութեան մէկ մասն էր Թուրքիոյ կողմէ Ղրիմի խանութեան նուաճումէն ետք, ճիշդ այդպիսի տարածք է: Բնականաբար, Ղրիմը կը գտնուի Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան կիզակէտին», - նկատած է ան: Սաթանովսկին յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար, նախկին վարչապետ Ահմետ Դաւութօղլուն Ղրիմի էթնիք թաթար է: «Իսկ ճիշդ ինչի՞ կ'ուզէ հասնիլ Թուրքիան՝ Ղրիմի վերաբերեալ յայտարարութիւններ ընելով, չեմ գիտեր եւ չեմ ուզեր գիտնալ: Ընդհանուր առմամբ, ան կը փորձէ պատմական վրէժխնդրութեան հասնիլ Ռուսաստանի նկատմամբ, սակայն այդ իր խնդիրն է», - աւելցուցած է արեւելագէտը: Ինչ կը վերաբերի մօտ ժամանակներս Անգարային ЗРК С-400-ի նոր խմբաքանակի մատակարարման պայմանագրի նախապատրաստական աշխատանքներու մասին տեղեկատուութեան, ապա սա, ըստ Սաթանովսկիի, առանձին, զուգահեռ գործընթաց է:
 
«Եթէ Թուրքիան որոշէ զէնքով օգնել Ուքրանիոյ, սա մէկ բան է, իսկ եթէ Թուրքիան որոշէ օգնել Ուքրանիոյ Ղրիմը ետ գրաւելու համար, ապա մենք պիտի պատերազմինք Թուրքիոյ դէմ: Ի վերջոյ, ան բազմիցս պատերազմած է Ռուսաստանի հետ: Մենք անոնց հետ մէկ տասնեակէ աւելի պատերազմներ ունենք: Ինչպէ՞ս աւարտած են այդ պատերազմները Թուրքիոյ համար: Վատ աւարտած են», - եզրափակած է Եւգենի Սաթանովսկին:
 
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, վերջերս ելոյթ ունենալով «Ղրիմի ձեւաչափ»ի ֆորումին, յայտարարած է. «Ղրիմը Ուքրանիա է: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է հանդէս գայ միասնական ճակատով՝ հակազդելու միջազգային իրաւունքի այս խախտման»: Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը «Ղրիմի ձեւաչափ»ը ռուսաֆոպ արշաւ անուանած է: