Իսթանպուլի Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեակի միջոցառումներու ծիրէն ներս 15 Յունուարին, Հինգշաբթի երեկոյ դարաւոր կրթօճախին երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման հանդիսութիւն մը՝ նուիրուած մխիթարեանցի գրողներու։

Վարժարանի աշակերտները, նաեւ շրջանաւարտներ մէկ առ մէկ յիշատակեցին այն մխիթարեանցի գրողները, որոնք իրենց դրոշմը դրած էին իսթանպուլահայ յետպատերազմեան շրջանի մօտաւորապէս դար մը գրականութեան վրայ: Կենսագրական հակիրճ գիծերով եւ իրենց գրականութենէն վերցուած մէկ կամ մի քանի նմոյշներով աշակերտները ծանօթացուցին գրողները, միշտ յիշեցնելով որ իրենց ներկայացուցածը հսկայ սառցալերան հազիւ տեսանելի մէկ մասն անգամ չէ: Այս կարգէն յիշատակուեցան Օննիկ Ֆըչըճեան, Գեղամ Սեւան, Մինաս Թէօլէօլեան, Վարուժան Աճէմեան, Զահրատ, Զարեհ Խրախունի, Արայ Կարմիրեան, Խորէն Մանավեան, Վարդ Շիկահեր, Արսէն Ճանեան, Արամ Գամպուրեան եւ Ռոպէր Հատտէճեան:
Լուրը՝ Վարժարանէն