image

Ոչ ոք իրմէ խնդրած է. Մէրքէլ Ուքրանիոյ խնդրով խաղաղարար ճիգեր չգործադրելու մասին

Ոչ ոք իրմէ խնդրած է. Մէրքէլ Ուքրանիոյ խնդրով խաղաղարար ճիգեր չգործադրելու մասին

Գերմանիոյ նախկին կանցլեր Անկելա Մէրքէլ յայտնած է, որ չի մասնակցիր ուքրանական հակամարտութեան միջնորդութեամբ, քանի որ այդ մասին իրմէ ոեւէ մէկը չէ խնդրած:

Մէրքէլի խօսքով՝ ինք կը կիսէ Գերմանիոյ կանցլեր Օլաֆ Շոլցի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ միւսներուն գնահատականը առ այն, որ այժմ այդ որեւէ օգուտ չի բերեր: Ռուսիոյ նախագահին կայացուցած որոշումը Մէրքէլը անուանած է աղէտալի եւ մահաբեր:

Մէրքէլ դեմ հանդէս եկած է Արեւմուտքի մէջ ռուսական մշակոյթի արգելքին, սակայն դատապարտած է ռուս օփերային երգչուհի Աննա Նեթրեպքոյի քաղաքական գործունէութիւնը: