Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 5 խմբակցութեան ղեկավարներու եւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար Անտրէյ Վոլքովի հանդիպման ընթացքին քննարկուած է 3 դեկտեմբերի միջադէպը, երբ խումբ մը ատրպէյճանցիներ «բնապահպաններ»ու անուան տակ առաջ քաշած են Արցախի մէջ հանքերու շահագործման, ինչպէս նաեւ պոչամբարներու վտանգաւորութեան մշտադիտարկում իրականացնելու վերաբերեալ հարցեր:
Այս մասին «Արմէնփէս»-ի հետ զրոյցին ըսաւ «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան ղեկավար՝ Արթուր Յարութիւնեան՝ նշելով, որ Արցախի խորհրդարանականները, ներկայացնելով իրենց տեսակէտները, անթոյլատրելի համարած են ատրպէյճանցիներու կողմէ նման մշտադիտարկման իրականացումը:
«Ներկայացրել ենք մեր տեսակէտն այն առումով, որ, եթէ անհրաժեշտութիւն լինի տարածաշրջանում էկոլոգիական (բնապահպանական) խնդիրներից ելնելով մոնիթորինգ (մշտադիտարկում) իրականացնելու, ապա այդ դէպքում գոյութիւն ունեն միջազգային անկախ հեղինակաւոր կազմակերպութիւններ, որոնք կարող են այդ եզրակացութիւնները տալ, որն ամբողջութեամբ համապատասխանում է բոլոր նորմերին: Ատրպէյճանի կողմից որեւէ ներկայացուցիչ կամ մոնիթորինգային խումբն անընդունելի է, այսինքն՝ նրանց հետ այս հարցն ընդհանրապէս կապ չունի»,- մանրամասնեց Արթուր Յարութիւնեան:
Անոր խօսքով՝ հանդիպման անդրադարձած են նաեւ Լաչինի միջանցքի մէջ անցակէտի տեղակայման հետ կապուած խօսակցութիւններուն:
«Պարզաբանում ենք ստացել, որ դրա մասին ընդհանրապէս խօսք չկայ ու չի էլ կարող լինել, քանի որ դա հակասում է նոյեմբերի 9-ի փաստաթղթին, ինչպէս նաեւ միջանցքի տրամաբանութեանը: Սակայն, մեզ ներկայացուել է, որ Ատրպէյճանի կողմից եղել է առաջարկութիւն, որպէսզի ռուս խաղաղապահների առաջին անցակէտում տեղադրուի զննող-սկանաւորող սարքաւորում, որը պէտք է ստուգի բեռնատար մեքենաներով տեղափոխվող բեռը՝ հիմնականում զէնք-զինամթերքի եւ այլ նմանատիպ ապրանքների համար: Անելու ենք ամէն ինչ, որպէսզի այդ սարքը չտեղադրուի, քանի որ դա նոյնպէս հակասում է վերը նշուած տրամաբանութեանը: Վերահսկողութեան տարբեր այլ մեխանիզմներ կան, որոնք կարող են այս պահին օգտագործել: Բացի դրանից, նաեւ ներկայացուել է, որ, եթէ խօսքն անգամ վերաբերում է որոշակի սպառազինութեան, որեւէ փաստաթղթով արգելուած չէ մեր ինքնապաշտպանութիւնն իրականացնելու եւ այն կազմակերպելու համար համապատասխան միջոցները ունենալը»,- ընդգծեց խմբակցութեան ղեկավարը՝ աւելցնելով, որ քննարկումներուն մէջ դեռ յստակ, վերջնական որեւէ որոշում չկայ:
«Դրանով Ատրպէյճանը փորձում է առաջին քայլը անել, յետոյ յաջորդը կ'անի, այսինքն այս քայլերով միջանցքը դառնալու է սովորական ճանապարհ, ինչը մեզ համար անընդունելի է»,- ըսաւ Արթուր Յարութիւնեան:
Անդրադառնալով ատրպէյճանցի լրագրողներու եւ իբր բնապահպաններու կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող ճանապարհահատուածը փակելուն եւ խաղաղապահներու դէմ իրականացուող սադրանքներուն՝ Յարութիւնեան համոզմունք յայտնեց, որ դեկտեմբեր 3-ին այնտեղ հաւաքուածներու մեծ մասը բնապահպանութեան կամ բնապահպաններու հետ որեւէ առնչութիւն չունի:
«Նրանք յատուկ ծառայութիւնների աշխատողներ էին: Այդ տեղեկատւութիւնն արդէն կայ: Ուղղակի բնապահպանական քօղի տակ պատրուակ է սադրանքներ իրականացնելու համար:» ,- ըսաւ ան:
Անդրադառնալով ատրպէյճանցիներու տարածած տեղեկութիւններուն, թէ իբր ռուսական խաղաղապահ հրամանատարի հետ բանակցութիւններու արդիւնքով պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է Արցախի մէջ բնական միջոցներու շահագործումն արգիլելու վերաբերեալ՝ Արթուր Յարութիւնեան շեշտեց, որ Արցախի Հանրապետութիւնն ունի օրէնսդրութիւն բնապահպանութեան վերաբերեալ, ըստ որու կը կանոնակարգուի ոլորտը՝ անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ հրաւիրելով արտասահմանեան մասնագէտներ:
«Ամէն դէպքում մեր օրէնսդրութեամբ այդ հանքի շահագործումը թոյլատրուած է, եւ այն շարունակելու է աշխատել»,- եզրափակեց Յարութիւնեան: