image
Հրատապ լուրեր:

Ոչ եւս է Շաուքի Մաթթան. Լիբանանեան պաստառի «Ճէնթլըմէն»ը

 Ոչ եւս է Շաուքի Մաթթան. Լիբանանեան պաստառի «Ճէնթլըմէն»ը

Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լիբանանեան ֆիլմարուեստի յայտնի դէմքերէն Շաուքի Մաթթան։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ լիբանանեան լրասփիւռներէ։

 

 Մանրամասնութիւններուն մէջ կը նշուի, որ Մաթթայի առողջական վիճակը վատթարացած էր օրեր առաջ, որուն հետեւանքով ալ ան փոխադրուած էր «Ալ Հայաթ» հիւանդանոց, ուր եւ աւանդած էր իր հոգին։

 Դերասանը կը համարուի Լիբանանի ֆիլմարուեստի ոսկեդար համարուող 70 -ականներու աստղերէն մին եւ ամենատարբեր դերերով հանդէս եկած է աւելի քան 35  ֆիլմերու մէջ։

 

 Նշենք նաեւ, որ Մաթթայի վերջին կարեւոր դերը կը համարուի  MTV կայանի պատրաստած «Աշրա ապիտ զղար» տեսաշարը, ուր հանդէս եկած էր կեդրոնական դերով։ 

Մաթթայի մահուան բօթը ափսոսանքի ալիք մը ստեղծած է, ոչ միայն անոր հարազատներուն, այլ Լիբանանի արուեստի լայն շրջանակներուն մէջ։

Մաթթա շնորհիւ իր վայելուչ երեւումներուն, քաղաքակիրթ կեցուածքին եւ արուեստագէտի հմայքին կոչուած է «Լիբանանեան շարժապատկերի ժէնթըլման»։

 Նշենք, որ Մաթթայի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կայացուի վաղը չորեքշաբթի, ի ներկայութիւն հարազատներու եւ   երկրպագուներու եւ անշուշտ արուեստի ընկերներու։