image

Ոչ եւս է Պոլսոյ Միաբաններէն՝ Տ. Թաթուլ ծ.վրդ. Անուշեան

  Ոչ եւս է Պոլսոյ Միաբաններէն՝ Տ. Թաթուլ ծ.վրդ. Անուշեան

Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է Պոլսոյ Միաբանութեան անդամներէն՝ Տ. Թաթուլ ծ. վրդ. Անուշեանը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն։

 Նշենք, որ երկար տարիներէ ի վեր Պոլսոյ համայնքէն ներս կրօնական ծառայութիւն մատուցած հայր Սուրբը գործած է  եւ վարած տարբեր պաշտօններ։

Վերջին տարիներուն ան քարոզիչն էր Պոլսոյ հայաշատ Ֆէրիւգիղի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ։

 

 Սահակ Բ. Պատրիարքի ընտրութիւնէն առաջ շրջանի մը համար ան վարած էր Միաբանութեան կրօնական ժողովի ատենապետի պաշտօնը, իսկ վերջին շրջանին ալ կը վարէր Պատրիարքի դիւանապետի պարտականութիւնները։

 

 Հանգուցեալ հայր Սուրբը վերջին երկու տարիներուն բռնուած էր ծանր հիւանդութեամբ, որուն դէմ ալ պայքարեցաւ ամբողջ երկու տարի իր կողքին ունենալով ամբողջ համայնքին սէրն ու հոգածութիւնը։

Պոլսահայ համայնքը տխուր պահեր կ՚ապրի, եւ Հայր Թաթուլի շիջումով կը փակուի կարեւոր էջ մը լեցուն քրիստոնէափայլ հաւատքով եւ եկեղեցականի անսակարկ նուիրումով։ 

 

 Կը ցաւակցինք այս անժամանակ կորուստին համար։

 

 Տակաւին կ՚անդրադառնանք։