image

ԱՄՆ-ի մէջ մահացած է Պետրոս Ճէհիզեանը. Ան բնիկ Հալէպցի էր

ԱՄՆ-ի մէջ  մահացած է Պետրոս Ճէհիզեանը. Ան բնիկ Հալէպցի էր

 

Միացեալ Նահանգներու մէջ, 5 Մայիս 2023-ին, իր մահկանացուն կնքած է   արմատներով Մարաշցի հօր  զաւակ եւ Հալէպի մէջ իր աչքերը  բացած Պետրոս Ճէհիզեան (ծնեալ՝ 1957-ին):

Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի մէջ, Ուրբաթ՝ 2 Յունիս 2023-ին, ժամը 10:00-ին, Ս․ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ (500 S. Central Ave., Glendale, CA, United States, California):

 

Այս   մասին  տեղեկութիւն ստացանք հանգուցեալի  հարազատներէն, որոնք այս առթիւ   «Արեւելք»ին յղեցին  ստորեւ ներկայացուած մահագրութիւնը՝

 

 Ափսոս, որ մեզմէ շուտ հեռացար...

Մարաշցի Յովսէփ Ճէհիզեանի եւ Աղքէսանտրէթցի  Ալիս Այվազեանի երրորդ զաւակը` Պետրոս Ճէհիզեան, ծնած է 1957-ին Հալէպ, Սուրիա։

Համեստ ընտանիքի մը յարկին տակ հասակ առած Պետիկ, կրտսեր եղբայրը եղած է Հրաչին եւ ունեցած է երկու քոյրեր` Անահիտ եւ Տօրա Ճէհիզեաններ:

Յաճախած է Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանը, ապա` Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանը։

Ուսումնառութեան շրջանը աւարտելէ ետք աշխատանքի ասպարէզին լծուած եւ զբաղած է վաճառականութեամբ` մասնագիտանալով մեքենարօրի մասերու առք ու վաճառքի ծիրէն ներս։

Ակումբի ընկերային յանձնախումբի ձեռնարկած ծրագիրներուն մաս կազմած եւ իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերելով սիրուած է բոլորին կողմէ։ Ան իր աշխոյժ, կայտառ, կատակասէր, կեանքը սիրող, կենսուրախ,  ծառայասէր,  բոլորին օգնութեան ձեռք երկարող եւ ընկերասէր ըլլալուն շնորհիւ սիրուած եւ յարգուած է բոլորին կողմէ։

1988-ին կ'ամուսնանայ Մակի Նալպանտեանին հետ եւ անոնք կը բախտաւորուին երկու մանչ զաւակներ` Փառէն եւ Վահէ Ճէհիզեաններով։

Բարեխիղճ եւ գուրգուրոտ հայր, հոգատար ու սիրալիր ամուսին եղող Պետիկը, 2000 թուականին, ընտանիքին հետ կը հաստատուի Ամերիկա եւ առօրեայ դժուարութիւնները յաղթահարելով կը շարունակէ հաւատքով, աշխատասիրութեամբ եւ տքնաջան աշխատանքով ապահովել իր ընտանիքին պէտքերը եւ պահպանել հայկակական ջերմ օճախին սրբութիւնն ու կենսունակութիւնը։

Տարիներ առաջ, անողորմ հիւնադութեան մը պատճառով կորսնցուցած է իր սիրելի կողակիցը` Մակին, որուն մահէն ետք մօր մը ամբողջ պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնը իր ուսերուն շալկած, շարունակած է լիովին կատարել իր հայրական պարտականութիւնը։

Պետիկը, իր կենդանութեան օրօք բախտը ունեցած է պսակելու իր անդրանիկ մանչ` Փառէնը Քարլային հետ եւ ան դարձած է հոգատար մեծհայր իր սիրելի թոռնուհիներուն` Միլային ու Սոֆիային։

Ափսո՜ս, որ միայն 66 գարուններ ապրող Պետիկ, անակնկալ, կանուխ հեռացաւ մեզմէ եւ իր ետին ձգեց սգակիր ընտանիք, զաւակներ, հարազատներ, ընկերներ եւ սիրալիր անձեր։

Այո', դժբախտաբար, այսօր Պետիկը մեզի հետ չէ, բայց իր յիշատակն ու բարի համբաւը անմահ կը մնայ բոլորիս սրտերուն ու հոգիներուն մէջ։

Շատ պիտի կարօտնանք քեզի, սիրելի' Պետիկ... ձայնդ, ժպիտդ, խնդուքդ, կատակներդ եւ հաճելի ներկայութիւնդ միշտ պիտի մնայ հո'ս,  մեր սրտերուն մէջ։ 

Մենք, իբր հաւատացեալ քրիստոնեայ, այսօր մենք մեզի կը սփոփենք ու կը մխիթարենք, որովհետեւ գիտենք, թէ դուն հիմա ապահով ձեռքերու մէջ ես, ուր ո'չ ցաւ կայ, եւ ո'չ տառապանք։

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, սիրելի' Պետիկ։ Թող յաւերժ խաղաղ ննջէ անմեղ հոգիդ եւ մշտնչենական լոյսով շրջապատուած մնաս յաւիտեան։